Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Զեկուցողը Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Զինադադարը

July 31, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մարդասիրական հետեւանքները» նիւթով զեկուցող Փոլ Կէյվըն (Իրլանտա, «Եւրոպական միացեալ ձախեր» խմբակցութիւն) Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած է յարգելու զինադադարը սահմանային գօտիին մէջ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերէն ետք, որոնց պատճառով հայկական կողմէն զոհուեցաւ երեք զինուոր, իսկ ազրպէյճանական կողմէն սպաննուեցաւ մէկ զինուոր: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ԵԽԽՎ-ի պաշտօնական կայքը:

«Դժբախտաբար, միջադէպերու քանակը այս տարուան մայիսէն յուլիս երկարած ժամանակաշրջանին մէջ կայուն կերպով աճած է, եւ այս միջադէպերը լարուածութիւնը հասցուցած են նոր մակարդակի, ցաւալի վիրաւորումներով եւ մարդկային կորուստներով, ինչ որ զիս շատ կը մտահոգէ», ըսած է իրլանտացի պատուիրարկը` տեղեկացնելով, որ ինք կապի մէջ եղած է երկու կողմերուն հետ եւ հասկցած, որ երկուքն ալ կ՛ուզեն խուսափիլ կացութեան վատթարացումէն:

Փոլ Կէյվըն շեշտած է, թէ մարդասիրական այն հիմնախնդիրները, որոնք կ՛ազդեն անհատներու կեանքի վրայ` սահմանի երկու կողմերուն վրայ, չեն կրնար լուծուիլ, քանի դեռ բռնութիւնը չէ դադրած:

«Բոլոր անոնց, որոնք մտահոգուած են այս վիճակով, կոչ կ՛ուղղեմ ցոյց տալու իրենց պատասխանատուութիւնը խաղաղութիւն եւ հաշտեցում կառուցելու նպատակով: Հետեւաբար, յոյս ունիմ, որ երկու երկիրներն ալ ետ պիտի կանգնին այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վատթարացնել կացութիւնը: Մենք պէտք է խուսափինք տագնապի այս շարունակական շրջապտոյտէն», յայտարարած է Փոլ Կէյվըն:

ԵԽԽՎ-էն կը յայտնեն, որ Կէյվըն «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին մարդասիրական հետեւանքները» նիւթով իր զեկուցումը կը նախատեսէ ներկայացնել ԵԽԽՎ-ի յաջորդ լիագումար նիստի ընթացքին (27 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր):

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Արցախի Ամբողջ Բռնագրաւեալ Տարածքներուն Մէջ «Հսկայական Վերականգնողական Աշխատանքներ» Կը Նախատեսէ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.