Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները յուսադրող են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Գործընթացը կը շարունակուի, ես լիայոյս եմ», ըսած է Պայտըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք բաւարարուա՞ծ է 28 յուլիսին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու արդիւնքէն:
Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ Ժընեւի մէջ խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցած էին 28 յուլիսին: