Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կ՛ամբաստանէ Իրանը, Իսկ Վերջինս Կը Հերքէ. Իսրայէլեան Նաւուն Վրայ Յարձակումին Շուրջ Միջազգային Հետաքննութիւն Կատարելու Պլինքըն-Լափիտ Համաձայնութիւն

August 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ անոր իսրայէլացի պաշտօնակից Եայիր Լափիտ համաձայնութիւն գոյացուցած են Օմանի ծովուն մէջ իսրայէլեան նաւուն վրայ ուրբաթ օր տեղի ունեցած յարձակումին շուրջ գործընկերներու հետ միասին միացեալ հետաքննութիւն կատարելու կարեւորութեան շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են «Մըրսըր Սթրիթ» բեռնատար նաւուն դէմ կատարուած յարձակումը:

Ան նշեց, որ Պլինքըն եւ Լափիտ համաձայնած են Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ եւ միջազգային այլ գործընկերներու հետ աշխատելու` «դէպքին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու, աջակցութիւն տրամադրելու եւ հետագայ յարմար քայլերը ուսումնասիրելու»:

Լափիտ ուրբաթ օր Իրանը պատասխանատու նկատեց յարձակումին համար, որուն պատճառով նաւուն վրայ գտնուող բրիտանացի մը եւ ռումանացի մը մահացան: Ան շեշտեց, որ հարցը կարծր հակադարձութեան կը կարօտի:

Լափիտ աւելցուց, որ Թեհրան համաշխարհային մակարդակի վրայ անկայունութեան աղբիւր կը ներկայացնէ, եւ կոչ ուղղեց «իրանեան ահաբեկչութեան» նկատմամբ լուռ չմնալու:

Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ նշեց. «Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ իսրայէլեան նաւը հարուածողը Իրանն է»:

«Միջազգային ընտանիքէն կը սպասենք, որ Իրանին ցոյց տայ, թէ մեծ սխալ գործած է, եւ Իսրայէլ իր ձեւով պիտի շարունակէ պատգամը ուղղել Թեհրանին», աւելցուց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարեց. «Իսրայէլեան նաւու վրայ յարձակում գործելու վերաբերեալ Թեհրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները անհիմն են»: Ան հերքեց Օմանի ափերուն մօտ իսրայէլեան նաւու վրայ կատարուած յարձակումին Իրանի մեղսակցութիւնը:

Իրանեան լրատուամիջոցներ, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեցին, որ Օմանի ծովուն հիւսիսը իսրայէլեան նաւու վրայ յարձակումը Սուրիոյ Քուսէյր շրջանին մէջ գտնուող Տապաա օդակայանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատասխան քայլ էր:

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Մէջ Ուժի Մէջ Մտան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Չպատուաստուած Անձերու Իրաւունքներու Զգալի Սահմանափակումները

Յաջորդը

Պայտըն Մեկնաբանած Է Փութինի Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Բանակցութիւններուն Արդիւնքները

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.