Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որեւէ Արկածախնդրութեան Անմիջապէս Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք». Խաթիպզատէ Դատապարտեց Իսրայէլեան Նաւու Դէմ Յարձակումին Համար Իրանը Մեղաւոր Նկատողները

August 3, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ դատապարտեց «Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներու` իսրայէլեան քարիւղատար նաւուն վերաբերեալ Իրանին ուղղուած ամբաստանութիւնները»` նշելով. «Իրան անմիջապէս ուժեղ եւ խիստ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ հաւանական արկածախնդրութեան»:

Ան յայտնեց, որ այդ ամբաստանութիւնները հակասութիւններ կը պարունակեն. անոնք առանց որեւէ շօշափելի փաստի Իրանին ամբաստանութիւն կ՛ուղղեն, ապա կը խօսին ատոր «կարելիութեան» մասին:

«Ցաւալին այն է, որ նոյն այդ երկիրները, Կարմիր ծովուն եւ միջազգային ջուրերուն մէջ իրանեան առեւտրական նաւերուն դէմ յարձակումներուն ու խափանարարական արարքներուն նկատմամբ աջակցութեան համազօր լռութիւն կը պահեն, բայց եւ այնպէս քաղաքական դրդապատճառներով սնամէջ ամբաստանութիւններ կը բարձրաձայնեն Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ: Եթէ այդ պետութիւնները իրենց սնամէջ ամբաստանութիւնները փաստող ապացոյց ունին, ապա զայն պէտք է ներկայացնէին», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն երէկ յայտարարեց, որ Իրան պէտք է կրէ իսրայէլեան քարիւղատար նաւուն դէմ իր «ամօթալի» յարձակումին հետեւանքները:

Նախքան այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` քարիւղատար նաւուն դէմ յարձակումի հարցով Իրանին ուղղուած բրիտանական ամբաստանութիւններուն լոյսին տակ իր մօտ կանչեց Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավարը եւ բողոքեց այդ ամբաստանումներուն դէմ:

 

Նախորդը

Յայտարարելով, Որ Աֆղանիստանի Նախագահի Ժամանակը Սպառած Է. «Պատերազմ Յայտարարելն Ու Սուտը Պիտի Չերկարեն Անոր Կեանքը» Կ՛ըսեն Թալեպանները

Յաջորդը

Էրտողան Կը Զօրակցի Թուրքիա – Վրաստան – Ազրպէյճան Եռակողմ Ձեւաչափի Նախագահներու Մակարդակով Աշխուժացման

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.