Միջազգային

Մոսկուան 50 Տարուան Ժամկէտով Արգիլեց  Ռուսերը Վիրաւորած Ազրպէյճանցի  Դիւանագէտին Ռուսիա Մուտքը

Մոսկուան 50 Տարուան Ժամկէտով Արգիլեց Ռուսերը Վիրաւորած Ազրպէյճանցի Դիւանագէտին Ռուսիա Մուտքը

Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 50 տարուան ժամկէտով արգիլեց Ռուսիա մուտքը երկու տեսապլոկըրներու` մէկը ազրպէյճանցի, իսկ միւսը` ղազախ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: Կը նշուի, որ վերոնշեալներուն տեսանիւթերուն մէջ կը ցուցադրուին ազգային ատելութիւն հրահրելու յստակ նշաններ: «Այսօր… որոշումներ տրուած են 50 տարուան ժամկէտով Ռուսիա մուտք գործելու արտօնութիւն չտրամադրել Ղազախստանի Հանրապետութեան քաղաքացի Քուաթ Ահմետովին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան...

«Մեծ Քաղաքները Արագօրէն Գրաւելնիս  Աֆղաններուն Մեզ Ողջունելը Կը Հաստատէ»  Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը

«Մեծ Քաղաքները Արագօրէն Գրաւելնիս Աֆղաններուն Մեզ Ողջունելը Կը Հաստատէ» Կ՛ըսէ Թալեպան Շարժումը

Թալեպան շարժումի բանբեր Մոհամետ Նայիմ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ մեծ քաղաքներուն արագօրէն շարժումին ձեռքը անցնիլը աֆղաններուն Թալեպան շարժումը ողջունելը ցոյց կու տայ: «Աֆղան ժողովուրդը մեզ կ՛ուզէ եւ մեզ կ՛ողջունէ, եւ մեծ քաղաքներուն արագօրէն գրաւումը ատոր ցուցանիշն է: Քաղաքական հոլովոյթին առջեւ դուռը պիտի չփակենք», ըսաւ ան: Ըստ անոր, Աֆղանիստանի նահանգները կամաւոր կ՛ընդունին թալեպաններու իշխանութիւնը, եւ անոնց կողմէ...

Անգարայի Մէջ Սուրիացիներու Վրայ  Յարձակումներու Պատճառով  Տասնեակներ Ձերբակալուած Են

Անգարայի Մէջ Սուրիացիներու Վրայ Յարձակումներու Պատճառով Տասնեակներ Ձերբակալուած Են

Թրքական իշխանութիւնները 76 մարդիկ ձերբակալած են` Անգարայի մէջ մեծ թիւով սուրիացի բնակչութիւն ունեցող թաղամասի մը վրայ կատարուած զանգուածային յարձակումին պատճառով: «Ահվալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մայրաքաղաքի ոստիկանութիւնը: Ոստիկանութիւնը քաղաքացիները յորդորած է «ուշադրութիւն չդարձնել ընկերային ցանցերու վրայ սադրիչ լուրերուն ու հրապարակումներուն եւ անվտանգութեան ուժերուն օգնել»: Չորեքշաբթի օր ամբոխը գրոհած է սուրիացիներու տուները եւ ձեռնարկութիւնները Անգարայի Ալթընտաղ բանուորական...

Էրտողան Թուրքիոյ 3 Նահանգ Աղէտի  Գօտի Յայտարարած Է

Էրտողան Թուրքիոյ 3 Նահանգ Աղէտի Գօտի Յայտարարած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քասթամոնու, Պարթին եւ Սինփօ նահանգներու` ողողումներէն եւ հողի սահանքներէն վնասուած շրջանները յայտարարած է «բնական աղէտի գօտիներ»: «Հողի սահանքներէն քանդուած տուներուն տեղ պիտի կառուցուին նորերը` աւելի ժամանակակից: Երկիրը պիտի շարունակէ իր ուղին ամէնէն աշխուժ կշռոյթներով», ըսած է թրքական պետութեան ղեկավարը: Թուրքիոյ հիւսիսը ջրհեղեղներու պատճառով զոհերու թիւը հասած է 27-ի: Երէկ այս մասին յայտնեց Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու...

Ըստ «Հաարեց»-ի.  «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնի Իսրայէլ Այցելութեան  Նպատակը Իրանեան Թղթածրարին Մէջ  Ինքնազսպում Պահանջելու Համար Է

Ըստ «Հաարեց»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնի Իսրայէլ Այցելութեան Նպատակը Իրանեան Թղթածրարին Մէջ Ինքնազսպում Պահանջելու Համար Է

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզի Իսրայէլ այցելութիւնը «ձեւական այցելութիւն» մը չէ, այլ Իսրայէլին յիշեցնելու խուսանաւման սահմանները, պահանջելու, որ իրանեան թղթածրարին մէջ ինքնազսպումի դիմէ, ինչպէս նաեւ արծարծելու Չինաստանի հարցը: «Իսրայէլացի պաշտօնատարները ուզեցին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին հետ խօսիլ Իրանի մասին, սակայն վերջինս խօսեցաւ Իրանի հետ համաձայնելու փորձերէն չհրաժարելու մասին, ինչպէս նաեւ շատ խօսեցաւ պաղեստինցիներուն մասին», կը գրէ իսրայէլեան օրաթերթը:...

Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններուն  Լուսանկարը Գայթակղութեան Պատճառ Դարձած Է.  Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններուն Լուսանկարը Գայթակղութեան Պատճառ Դարձած Է. Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւան Ճաղարեան հինգշաբթի կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Իրանի կողմէ քննադատուած հրապարակման լոյսին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Այսօր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւան Ճաղարեանը հրաւիրուած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Սայմըն Շերքլիֆի հետ միասնաբար հրապարակուած լուսանկարին նկատմամբ իրանեան հասարակութեան ունեցած վիճայարոյց արձագանգին առնչութեամբ»,...

Իրանեան Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը  Հորմուզի Նեղուցի Շրջանին Մէջ Ամերիկեան  Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Ուղղութեամբ  Զգուշացման Կրակոց Արձակած Են

Իրանեան Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Հորմուզի Նեղուցի Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Ուղղութեամբ Զգուշացման Կրակոց Արձակած Են

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իրանեան զինեալ ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները Հորմուզի նեղուցի շրջանին մէջ եւ իրանեան սահմաններուն մօտ թռիչք կատարող ամերիկեան բանակի «Էմ.Քիու-9» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մը ուղղութեամբ զգուշացման կրակոցներ արձակած են:

«Իրանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները  Բարեկամական Ու Եղբայրական Են»  Կ՛ըսէ Ռայիսի

«Իրանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Բարեկամական Ու Եղբայրական Են» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը իսրայէլեան բռնագրաւումի անիրաւութենէն փրկելը միշտ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը շատ բարիք կը բերէ իսլամ ժողովուրդին: Ռայիսի ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պարզապէս բարի դրացիական յարաբերութիւններէն աւելի են` նշելով, որ Իրանի եւ...

Էրհան Արըքլը. «Մեր Նպատակն Է, Որ Ազրպէյճան  Առաջինը Ճանչնայ «Հիւսիսային  Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը»

Էրհան Արըքլը. «Մեր Նպատակն Է, Որ Ազրպէյճան Առաջինը Ճանչնայ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը»

Ըստ Կիպրոսի «Սիկմալայվ» լրատուական կայքին, Կիպրոսի գրաւեալ բաժինի այսպէս կոչուած վարչապետի տեղակալ եւ միաժամանակ այսպէս կոչուած ուժանիւթի եւ տնտեսութեան նախարար Էրհան Արըքլը յայտարարութիւն կատարած է եւ յայտնած. «Մեր նպատակն է, որ Ազրպէյճան առաջին երկիրը ըլլայ, որ պիտի ճանչնայ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը»: Թրքական «Կիւնեշ» օրաթերթը իր 9 օգոստոսի թիւին մէջ կը գրէ, թէ Էրհան Արըքլը չափազանց կարեւոր նկատած է դէպի...

Ազրպէյճան Կը Բանակցի Իսրայէլէն 2 Միլիառ Տոլար  Արժողութեամբ Զէնքեր Գնելու Շուրջ

Ազրպէյճան Կը Բանակցի Իսրայէլէն 2 Միլիառ Տոլար Արժողութեամբ Զէնքեր Գնելու Շուրջ

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կը վարեն 2 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր գնելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը: Օրաթերթը կը մատնանշէ երկու հիմնական գործօններ, որոնց պատճառով Պաքուն կը փորձէ բանակը հզօրացնել իսրայէլեան սպառազինութեամբ: Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի, առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի հետ սահմանին վրայ յաճախակի դարձած փոխադարձ կրակոցներուն, որոնք կրնան վերածուիլ Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմի: Երկրորդը` վերջին...

Լեհաստան Վաւերացուց  Ողջակիզումի Զոհերու  Ժառանգորդներուն Փոխհատուցումը  Ջնջող Օրինագիծ Մը

Լեհաստան Վաւերացուց Ողջակիզումի Զոհերու Ժառանգորդներուն Փոխհատուցումը Ջնջող Օրինագիծ Մը

Լեհաստանի խորհրդարանը 11 օգոստոսին վաւերացուցած է Իսրայէլի եւ հրէական կազմակերպութիւններու կողմէ քննադատութիւններու ենթարկուած սեփականութիւններու օրէնքը, որ, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, պիտի յանգեցնէ «նացիական ժամանակաշրջանին հրեաներէն խլուած կալուածներու համար փոխհատուցում ստանալու իրաւունքի կորուստին»: Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացումը նշեալ օրէնքին վերջնական որդեգրման եւ ուժի մէջ մտնելուն նախավերջին քայլը կը նկատուի: Անիկա տակաւին պէտք է վաւերացուի երկրի նախագահին կողմէ: «Նացիներու գործած Ողջակիզումէն վերապրածներուն կամ...

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին`  Իրանեան Բեռնատարներու Արցախ  «Անօրինական» Մուտքին Պատճառով

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին` Իրանեան Բեռնատարներու Արցախ «Անօրինական» Մուտքին Պատճառով

Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանը կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Հանդիպումի ընթացքին դեսպանին ներկայացուած է Իրանի պատկանող բեռնատար մեքենաներու Արցախ «ապօրինի» մուտքին վերաբերող փաստեր, որոնց առնչութեամբ իրանեան կողմին բողոքագիր յղուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: «Բողոքագիրը բողոք կ՛արտայայտէ, որ վերջերս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկանող տարբեր նպատակներու համար նախատեսուած մեքենաները մնայուն կերպով մուտք կը գործեն եւ դուրս կու...

Տումայի Փոխնախագահը Հետեւանքներով  Սպառնացած Է Ռուսերը Վիրաւորած  Ազրպէյճանցի Դիւանագէտին

Տումայի Փոխնախագահը Հետեւանքներով Սպառնացած Է Ռուսերը Վիրաւորած Ազրպէյճանցի Դիւանագէտին

Տումայի փոխնախագահ Փիոթր Թոլսթոյ ընկերային ցանցերու վրայ խոստացած է, որ ազրպէյճանցի նախկին դիւանագէտ Իսֆանտիար Վահապզատէի` ռուս ժողովուրդի հասցէին ուղղած վիրաւորական խօսքերը առանց հետեւանքներու պիտի չմնան: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Սվփրեսսա» կայքը: Վահապզատէ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի դէմ տեսագրած էր տեսաուղերձ մը, որուն մէջ, այլ բաներու շարքին, ըսած էր, թէ «ռուսական խոզերը գարշահոտ են», եւ ատոր պատճառով ամբողջ աշխարհի...

Լափիտ Բացումը Կատարեց Մարոքի Մէջ  Իսրայէլի Ներկայացուցչութեան

Լափիտ Բացումը Կատարեց Մարոքի Մէջ Իսրայէլի Ներկայացուցչութեան

Իսրայէլեան «Ուալահ» կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ երէկ առաւօտեան Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ Մարոքի արտաքին գործոց փոխնախարար Մուհսեն Ժազուլիի ներկայութեամբ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին բացումը կատարեց Իսրայէլի ներկայացուցչութեան: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Լափիտ իսրայէլեան ներկայացուցչութեան բացումը «պատմական պահ» որակած է: Ան ներկայացուցած է իսրայէլեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Տաւիտ Կովրինը: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին համաձայն,...

Քաթարի Իշխանը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Մը Նշանակեց

Քաթարի Իշխանը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Մը Նշանակեց

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի հրապարակեց 2021 տարուան թիւ 28 իշխանական որոշումը, որուն հիմամբ Խալետ Ֆահտ Ապտելհատի Շահուանի Հաժարին նշանակեց Պելճիքայի մէջ Քաթարի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ինչպէս նաեւ թիւ 29 իշխանական որոշումը, որուն հիմամբ Պանտար Մոհամետ Ապտալլա Աթիէն նշանակեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Քաթարի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Իշխանը նաեւ դեսպաններ նշանակեց Եւրոպական Միութեան, Փանամայի, Քուպայի եւ...

Խօսելով Թալեպաններու Յառաջխաղացքին Մասին`  «Ուղղակի Յարձակումի Պարագային Ռուսիան  Պիտի Օգտագործէ Տաճիկիստան Եւ Խըրխըզիստան  Գտնուող Իր Ռազմակայանները»  Կ՛ըսէ Շոյկու

Խօսելով Թալեպաններու Յառաջխաղացքին Մասին` «Ուղղակի Յարձակումի Պարագային Ռուսիան Պիտի Օգտագործէ Տաճիկիստան Եւ Խըրխըզիստան Գտնուող Իր Ռազմակայանները» Կ՛ըսէ Շոյկու

Թալեպան արմատական շարժումը վերահսկողութիւն հաստատած է Աֆղանիստանի մէջ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ սահմաններուն վրայ: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն: Ան յայտնած է, որ թալեպանները խոստացած են չանցնիլ սահմանները եւ չյարձակիլ յարակից տարածքներու վրայ: Բայց եւ այնպէս, Ռուսիան պիտի շարունակէ միացեալ վարժանքներ կատարել: «Մեզի համար կարեւորը այն է, որ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ...

Միլանի Մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Հասցէագրուած  Փամփուշտներով Նամակ Յայտնաբերուած Է

Միլանի Մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Հասցէագրուած Փամփուշտներով Նամակ Յայտնաբերուած Է

Երկուշաբթի օր, Միլանի Փեշիերա Պորոմէօ շրջանի նամակատան բաժանմունքին մէջ յայտնաբերուած է Ֆրանչիսկոս պապին ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ երեք փամփուշտ եղած է: «Իթալի24նիուզ» կայքը կը նշէ, որ նամակը յայտնաբերուած է գիշերը` նամակատան տեսակաւորման ժամանակ: Ատոր վրայ գրիչով գրուած եղած է հասցէն` «Պապ, Վատիկան, Ս. Պետրոսի հրապարակ»: Իտալացի ոստիկաններուն կողմէ գրաւուած է 9 միլլիմեթր տրամաչափի երեք փամփուշտներ պարունակող ծրարը: Ենթադրաբար անիկա...

Քնեսեթի 2 Արաբ Անդամներ Կը Սպառնան Տապալել  Իսրայէլեան Կառավարութիւնը, Եթէ Լիբանանի  Կամ Կազայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծէ

Քնեսեթի 2 Արաբ Անդամներ Կը Սպառնան Տապալել Իսրայէլեան Կառավարութիւնը, Եթէ Լիբանանի Կամ Կազայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծէ

Իսրայէլի համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման մասնակից երկու արաբ երեսփոխաններ` Ղայտա Ռինաուի Զողպի եւ Մազեն Ղանայեմ կը սպառնան տապալել կառավարութիւնը, եթէ Լիբանանի կամ Կազայի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ: Անցեալ շաբաթ Քնեսեթի փոխնախագահ ընտրուած, ձախակողմեան Մերեց կուսակցութենէն Քնեսեթի անդամ Ղայտա Զողպի ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներու եւ Կազայէն հրավառ նիւթերով փուչիկներու արձակման մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Վարչապետը գիտէ, որ եթէ...

Խօսելով Երկրին Մէջ Վերջին Քանի Մը  Օրուան Մէջ Ծագած 586 Հրդեհի Մասին.  «Բախած Ենք Աննախադէպ Չափերու Բնական Աղէտի»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Խօսելով Երկրին Մէջ Վերջին Քանի Մը Օրուան Մէջ Ծագած 586 Հրդեհի Մասին. «Բախած Ենք Աննախադէպ Չափերու Բնական Աղէտի» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Աննախադէպ տաքին եւ երաշտին պատճառով վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Յունաստանի մէջ 586 հրդեհ բռնկած է: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս: «Վերջին օրերը մեր երկրին համար վերջին տասնամեակներու ընթացքին դժուարագոյն օրերէն էին: Մենք ամբողջ ուժով պայքարած ենք եւ կը շարունակենք պայքարիլ կրակին դէմ: Սակայն բախած ենք աննախադէպ չափերու բնական աղէտի. քանի մը օրուան...

Թեհրան-Ռիատ Երկկողմանի Հանդիպում  Կայացնելու Ուղղութեամբ Իրաքեան Ջանքեր

Թեհրան-Ռիատ Երկկողմանի Հանդիպում Կայացնելու Ուղղութեամբ Իրաքեան Ջանքեր

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Իրաքի կողմէ կազմակերպուած շրջանային անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Էլիզէի պալատէն` Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի հետ Ֆրանսայի նախագահի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք: «Մուսթաֆա Քազեմին տեղեկացուցած է շրջանային խորհրդաժողովի նախապատրաստման մասին: Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պաղտատի մէջ, օգոստոսի վերջաւորութեան: Ֆրանսայի Հանրապետութեան ղեկավարը հաստատած է այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու...

Page 328 of 883 1 … 327 328 329 … 883

Արխիւներ