Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւնները Բարեկամական Ու Եղբայրական Են» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Օգոստոս 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը իսրայէլեան բռնագրաւումի անիրաւութենէն փրկելը միշտ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը շատ բարիք կը բերէ իսլամ ժողովուրդին:

Ռայիսի ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պարզապէս բարի դրացիական յարաբերութիւններէն աւելի են` նշելով, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սերտ գործակցութիւն պէտք է ըլլայ շրջանին մէջ անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան հիմք դնելու համար:

Իրանի նախագահը իր երկրին եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նկատեց բարեկամական եւ եղբայրական` նշելով. «Մենք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք եղբայրական ու բարեկամական երկրին` Թուրքիոյ հետ երկկողմանի եւ միջազգային գործակցութեան»:

Ռայիսի կարեւոր նկատեց շուտով Թեհրանի մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի 7-րդ ժողովը գումարելը: «Ես վստահ եմ, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութիւնը երկու երկիրներուն յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում, շրջանին համար անվտանգութիւն եւ խաղաղութիւն եւ իսլամ ժողովուրդին համար բարիք ու օրհնութիւն պիտի ապահովէ»:

Էրտողան շնորհաւորեց Ռայիսին` նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ ըսաւ, որ կասկած չունի, որ Ռայիսիի պաշտօնավարութեան շրջանին երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի ու շրջանային գործակցութեան ամրապնդում տեղի պիտի ունենայ:

Թուրքիոյ նախագահը մատնանշեց երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւոր դերակատարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ կարելի եղածին չափ շուտ Թեհրանի մէջ գործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի ժողովը գումարելով ջանք պիտի թափուի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու, ինչպէս նաեւ առիթ պիտի ըլլայ Իրանի նախագահին հետ հանդիպում ունենալու եւ անոր հետ բանակցելու:

Թուրքիոյ նախագահը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Իրանին` անտառային վերջին հրդեհներուն դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութեան համար:

 

Նախորդը

Էրհան Արըքլը. «Մեր Նպատակն Է, Որ Ազրպէյճան Առաջինը Ճանչնայ «Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը»

Յաջորդը

Իրանեան Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Հորմուզի Նեղուցի Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Մը Ուղղութեամբ Զգուշացման Կրակոց Արձակած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?