Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Թալեպաններու Յառաջխաղացքին Մասին` «Ուղղակի Յարձակումի Պարագային Ռուսիան Պիտի Օգտագործէ Տաճիկիստան Եւ Խըրխըզիստան Գտնուող Իր Ռազմակայանները» Կ՛ըսէ Շոյկու

Օգոստոս 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թալեպան արմատական շարժումը վերահսկողութիւն հաստատած է Աֆղանիստանի մէջ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ սահմաններուն վրայ: «Քոմմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն:

Ան յայտնած է, որ թալեպանները խոստացած են չանցնիլ սահմանները եւ չյարձակիլ յարակից տարածքներու վրայ: Բայց եւ այնպէս, Ռուսիան պիտի շարունակէ միացեալ վարժանքներ կատարել:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ Ուզպեքիստանի եւ Տաճիկիստանի հետ սահմանը եւս առնուած է թալեպաններու վերահսկողութեան տակ», ըսած է Շոյկու «Իմաստներու տարածք» երիտասարդական կրթական համախմբումի մասնակիցներուն:

Ան յիշեցուցած է, որ թալեպանները վերջերս գրաւած են Քունտուզը, որ «բաւական մեծ եւ լուրջ կեդրոն» է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ Ռուսիան Տաճիկիստան եւ Խըրխըզիստան գտնուող իր ռազմակայանները պիտի օգտագործէ ՀԱՊԿ-ի սահմանները պաշտպանելու համար «ուղղակի յարձակումի պարագային»: Ան կը կարծէ, որ ՀԱՊԿ-ի երկիրներուն անհրաժեշտ է Աֆղանիստանի ուղղութեամբ Ռուսիոյ օգնութիւնը: Անոր կարծիքով, տուեալ պարագային հարցը կը վերաբերի Ռուսիոյ զինուորական անվտանգութեան:

Պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ Ռուսիոյ համար կարեւոր է, որ Տաճիկիստանն ու Ուզպեքիստանը պատրաստ ըլլան ետ մղելու հաւանական սադրանքները:

Սերկէյ Շոյկու յիշեցուցած է, որ Ռուսիան Ուզպեքիստանի հետ առանձին վարժութիւններ կատարած է, ինչպէս նաեւ «եռակի» վարժանքներ` Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքիստանի հետ:

Թալեպանները կը պնդեն, որ գրաւած են Աֆղանիստանի վեց նահանգային կեդրոն: Լրատուամիջոցներու տուեալներուն համաձայն, թալեպանները կը վերահսկեն երկրի տարածքին 65 առ հարիւրը:

Նախորդը

Հայկական Իրաւական Կեդրոնը Ազրպէյճանի Կողմէ Սպաննուած Հայ Ռազմագերիներու Գործով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Մէջ Սկսած Է Իրաւական Գործընթաց

Յաջորդը

Քաթարի Իշխանը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Մը Նշանակեց

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?