Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան-Ռիատ Երկկողմանի Հանդիպում Կայացնելու Ուղղութեամբ Իրաքեան Ջանքեր

August 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Իրաքի կողմէ կազմակերպուած շրջանային անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Էլիզէի պալատէն` Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի հետ Ֆրանսայի նախագահի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:

«Մուսթաֆա Քազեմին տեղեկացուցած է շրջանային խորհրդաժողովի նախապատրաստման մասին: Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պաղտատի մէջ, օգոստոսի վերջաւորութեան: Ֆրանսայի Հանրապետութեան ղեկավարը հաստատած է այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու իր մտադրութիւնը: Ան նաեւ յայտարարած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը», նշած են Էլիզէի պալատէն:

Իրաքի վարչապետարանը յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետը Մաքրոնին յայտնած է, թէ «Ֆրանսան Իրաքի իսկական գործընկեր մըն է»: Մաքրոն իր կարգին յայտարարած է «Իրաքի նկատմամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը» եւ ողջունած «իրաքեան հաւասարակշռուած դիւանագիտութիւնը»:

Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Սէուտական Արաբիայէն, Իրանէն, Թուրքիայէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քաթարէն, Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն ղեկավարներ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ գոյութիւն ունին խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկկողմանի հանդիպում մը կայացնելու իրաքեան ջանքեր` շեշտելով, որ Պաղտատ, կայացած երկկողմանի գաղտնի հանդիպումներէն ետք, կը ջանայ վերջ տալ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ խզումին:

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ մայիսին յայտնած էր, որ Իրան պատրաստ է «Սէուտական Արաբիոյ հետ որեւէ մակարդակի վրայ բանակցելու»` աւելցնելով. «Եթէ Սէուտական Արաբիոյ հռետորաբանութեան փոփոխութիւնը անոր վարմունքի փոփոխութեան չառաջնորդէ, ապա գործնական արդիւնքներ պիտի չըլլան»:

Նախորդը

Լուքաշենքօ Պարգեւատրուած Է «Ազրպէյճանի Բարեկամ» Ոսկիէ Շքանշանով

Յաջորդը

Խօսելով Երկրին Մէջ Վերջին Քանի Մը Օրուան Մէջ Ծագած 586 Հրդեհի Մասին. «Բախած Ենք Աննախադէպ Չափերու Բնական Աղէտի» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.