Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհաստան Վաւերացուց Ողջակիզումի Զոհերու Ժառանգորդներուն Փոխհատուցումը Ջնջող Օրինագիծ Մը

August 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեհաստանի խորհրդարանը 11 օգոստոսին վաւերացուցած է Իսրայէլի եւ հրէական կազմակերպութիւններու կողմէ քննադատութիւններու ենթարկուած սեփականութիւններու օրէնքը, որ, ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, պիտի յանգեցնէ «նացիական ժամանակաշրջանին հրեաներէն խլուած կալուածներու համար փոխհատուցում ստանալու իրաւունքի կորուստին»:

Լեհաստանի խորհրդարանին կողմէ վաւերացումը նշեալ օրէնքին վերջնական որդեգրման եւ ուժի մէջ մտնելուն նախավերջին քայլը կը նկատուի: Անիկա տակաւին պէտք է վաւերացուի երկրի նախագահին կողմէ:

«Նացիներու գործած Ողջակիզումէն վերապրածներուն կամ անոնց զաւակներուն ու թոռներուն համար դժուար է Լեհաստանի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ գրաւուած իրենց կալուածներուն համար փոխհատուցում ստանալը»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ դատապարտած է լեհական քայլը` նշելով, որ ատիկա «կը վնասէ Ողջակիզումի յիշատակին եւ ատոր զոհերու իրաւունքներուն»:

Իսրայէլի ընկերային հաւասարութեան նախարար Միրաւ Քոհեն Լեհաստանի նախագահ Անտրէ Տոտային կոչ ուղղեց մերժելու օրինագիծը:

Ըստ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին, Քոհեն յայտնած է, որ նշեալ օրէնքը «կը վարկաբեկէ հրեայ ժողովուրդին պատմութիւնը եւ յիշատակը անոնց, որոնք Ողջակիզումի ընթացքին զոհուեցան, որոնց շարքին ինքնին լեհ ժողովուրդը: Լեհաստանի նախագահին կոչ կ՛ուղղենք իր ունեցած վեթոյի իրաւունքը կիրարկելու»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց նշեալ օրինագիծին նկատմամբ եւ Լեհաստանի նախագահին կոչ ուղղեց չստորագրելու օրինագիծը: «Պէտք չէ փոխհատուցման նոր դիմումներուն կամ վարչական դատարաններուն վերաբերող որոշումներուն վերաբերեալ նոր դիմումներուն դիմաց ճամբան փակել», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Թեհրանին` Իրանեան Բեռնատարներու Արցախ «Անօրինական» Մուտքին Պատճառով

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Բանակցի Իսրայէլէն 2 Միլիառ Տոլար Արժողութեամբ Զէնքեր Գնելու Շուրջ

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.