Աննախադէպ տաքին եւ երաշտին պատճառով վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Յունաստանի մէջ 586 հրդեհ բռնկած է: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս:
«Վերջին օրերը մեր երկրին համար վերջին տասնամեակներու ընթացքին դժուարագոյն օրերէն էին: Մենք ամբողջ ուժով պայքարած ենք եւ կը շարունակենք պայքարիլ կրակին դէմ: Սակայն բախած ենք աննախադէպ չափերու բնական աղէտի. քանի մը օրուան ընթացքին 586 հրդեհ բռնկած է Յունաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ: Աննախադէպ տաքի եւ երկար ամիսներու երաշտի պատճառով յառաջացած հրդեհները այժմ շատ դժուար կը մարին», ըսած է կառավարութեան ղեկավարը:
Միցոթաքիս միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է այն երկիրներուն, որոնք կ՛օգնեն Յունաստանին հրդեհներու դէմ պայքարին մէջ, եւ ներում հայցած է հրդեհներու պատճառով իրենց տուներն ու ունեցուածքը կորսնցուցած համաքաղաքացիներէն:
«Այսօր ես հաստատեցի 500 միլիոն եւրօ լրացուցիչ պիւտճէ` յատուկ վնասուած շրջաններու համար: Եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ըլլայ լրացուցիչ եւրոպական օգնութիւն», ընդգծած է վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի մէջ տասը օրուան ընթացքին հրկիզուած է աւելի քան 56 հազար հեկտար անտառ: Հրդեհի դէմ կը պայքարին աւելի քան հազար յոյն հրշէջներ, որոնց միացած են Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Զուիցերիոյ եւ Ուքրանիոյ փրկարարները:



