Թալեպան Շարժումին` Աֆղանիստանին Տիրելէն Ետք. 15 Հազար Ամերիկացի Զինուոր Չեն Կրցած Աֆղանիստանէն Հեռանալ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն պաշտօնատարներ Քոնկրեսին յայտարարած են, որ շուրջ 15 հազար ամերիկացի զինուորներ, Թալեպան շարժումին կողմէ երկրին տիրելէն ետք, տակաւին չեն կրցած հեռանալ այդ երկրէն: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու պաշտօնատարներ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ այդ թիւը ստացած են ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան պաշտօնատարներու ներկայացուցած զեկուցումէ մը: Այս տեղեկութիւնը առաջին անգամ հաղորդած էր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը,...




















