Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Եւ Բրիտանիոյ Դեսպաններուն Լուսանկարը Գայթակղութեան Պատճառ Դարձած Է. Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

August 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւան Ճաղարեան հինգշաբթի կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Իրանի կողմէ քննադատուած հրապարակման լոյսին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Այսօր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւան Ճաղարեանը հրաւիրուած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Սայմըն Շերքլիֆի հետ միասնաբար հրապարակուած լուսանկարին նկատմամբ իրանեան հասարակութեան ունեցած վիճայարոյց արձագանգին առնչութեամբ», կը նշուի Ռուսիոյ դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս Իրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտնած էր, որ Ռուսիոյ դեսպանը հանդիպած է Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ նոր դեսպան Սայմըն Շերքլիֆի հետ: Հանդիպումը, ինչպէս դեսպանատունը «Թուիթըր»-ի վրայ նշած է, տեղի ունեցած է «այն պատմական աստիճաններուն վրայ, ուր 1943 թուականին տեղի ունեցած է Թեհրանի վեհաժողովը», որուն ընթացքին ուրուագծուած են յետպատերազմեան Եալթա-Փոթստամ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգի ուրուագիծերը:

Ասիկա յարուցած է իրանցի քաղաքական գործիչներու քննադատութեան ալիքը: Մասնաւորաբար, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ լուսանկարը կոչած է «ծայրայեղ անպատշաճ», իսկ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Ղալիպաֆ մատնանշած է «վճռական դիւանագիտական պատասխանի» անհրաժեշտութիւնը, եթէ երկու երկիրներու դեսպանները ներում չհայցեն:

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ դեսպանատունը, «ոչ յստակ արձագանգի» լոյսի տակ, յայտարարած է, որ հրապարակումը հակաիրանեան իմաստ չունի, եւ որ լուսանկարին միակ իմաստն է` յարգել դաշնակից պետութիւններու Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին նացիականութեան դէմ պայքարին մէջ միացեալ ջանքերը:

Թեհրանը զգայուն է պատմութեան այն ժամանակաշրջաններուն նկատմամբ, որոնք առնչուած են իր տարածքին մէջ օտարերկրեայ զօրքերու գոյութեան հետ: Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ, Իրանի տարածքին մէջ խորհրդային եւ բրիտանական ուժերու ներկայութիւնը պայմանաւորուած էր դաշնակից երկիրներու մտավախութիւններով, որոնք իրենց կարգին, առնչուած են նացիական Գերմանիոյ հետ Իրանի կապերու հաստատման հետ, այդ իսկ պատճառով 1941 թուականի օգոստոս-սեպտեմբերին անոնք իրականացուցին գործողութիւն` տեղակայելով իրենց զօրքերը եւ վերահսկողութիւն հաստատելով երկրի տարբեր մասերուն վրայ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. 14 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութեան Մեկնարկը Տրուեցաւ

Յաջորդը

Ըստ «Հաարեց»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնի Իսրայէլ Այցելութեան Նպատակը Իրանեան Թղթածրարին Մէջ Ինքնազսպում Պահանջելու Համար Է

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.