Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնեսեթի 2 Արաբ Անդամներ Կը Սպառնան Տապալել Իսրայէլեան Կառավարութիւնը, Եթէ Լիբանանի Կամ Կազայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծէ

August 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի համախոհական կառավարութեան ձեւաւորման մասնակից երկու արաբ երեսփոխաններ` Ղայտա Ռինաուի Զողպի եւ Մազեն Ղանայեմ կը սպառնան տապալել կառավարութիւնը, եթէ Լիբանանի կամ Կազայի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ:

Անցեալ շաբաթ Քնեսեթի փոխնախագահ ընտրուած, ձախակողմեան Մերեց կուսակցութենէն Քնեսեթի անդամ Ղայտա Զողպի ձայնասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներու եւ Կազայէն հրավառ նիւթերով փուչիկներու արձակման մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Վարչապետը գիտէ, որ եթէ Իսրայէլը պատերազմի դիմէ, պիտի տապալի, որովհետեւ Մերեցը եւ Իսլամական շարժումի արաբական միացեալ ցուցակը ատոր համաձայն պիտի չըլլան»:

«Այս երկու կուսակցութիւններուն համախոհական կառավարութեան մէջ ըլլալը կառավարութեան պատերազմական գործողութիւններ ձեռնարկելուն արգելք կը հանդիսանայ, եւ եթէ կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ որոշում մը որդեգրէ, ապա համախոհական կառավարութիւնը ինքզինք պիտի վտանգէ: Համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ համաձայնութեան բնագիրը նշեալ երկու խմբաւորումներուն այս պարագային քուէարկութեան ազատութիւն կը շնորհէ` նկատի ունենալով, որ համաձայնութիւնը կը կեդրոնանայ տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական հարցերու վրայ եւ ոչ թէ քաղաքական ու զինուորական հարցերու վրայ, որոնց շուրջ խոր տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին», աւելցուց արաբ երեսփոխանը:

Անկախ, սակայն երեսփոխան Մանսուր Ապպասի ղեկավարած Իսլամական շարժումի ընտրացուցակին ճամբով ընտրուած երեսփոխան Մազեն Ղանայեմ իր կարգին յայտնեց. «Երեսփոխանական պլոքի չորս անդամներն ալ պիտի հեռանան համախոհական կառավարութենէն, եթէ վերջինս Կազայի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ»:

Ան արաբերէն լեզուով իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայան «Մաքան»-ին յայտնեց. «Եթէ Կազայի մէջ մեր ժողովուրդին վրայ որեւէ յարձակում կատարուի, արաբական ամբողջ միացեալ ցանկը` ղեկավարութեամբ Մազեն Ղանայեմի, համախոհական կառավարութենէն դուրս պիտի գայ: Գոյութիւն ունին կարմիր գիծեր, որոնք կարելի չէ շրջանցել: Կազան կարմիր գիծ է, Լիբանանը կարմիր գիծ է եւ Երուսաղէմի մէջ մեր իսլամական ու քրիստոնէական սրբազան վայրերը կարմիր գիծեր են»:

 

 

Նախորդը

Խօսելով Երկրին Մէջ Վերջին Քանի Մը Օրուան Մէջ Ծագած 586 Հրդեհի Մասին. «Բախած Ենք Աննախադէպ Չափերու Բնական Աղէտի» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Յաջորդը

Միլանի Մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին Հասցէագրուած Փամփուշտներով Նամակ Յայտնաբերուած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.