Միջազգային

«Իրան Իւրանիոմի Հարստացման Մէջ Արագօրէն  Կը Յառաջանայ, Եւ Զայն Կանգնեցնելու Պահը Հիմա Է»  Կ՛ըսէ Պենեթ

«Իրան Իւրանիոմի Հարստացման Մէջ Արագօրէն Կը Յառաջանայ, Եւ Զայն Կանգնեցնելու Պահը Հիմա Է» Կ՛ըսէ Պենեթ

Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին յայտնեց, որ այս շաբթուան ընթացքին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն, ուր հինգշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: «Այցելութեան թայմինկը շատ կարեւոր է, որովհետեւ Իրանի հարցով վճռորոշ կէտի մը վրայ կը գտնուինք», ըսաւ ան: «Իրան արագօրէն կը յառաջանայ իւրանիոմի հարստացման մէջ, եւ մէկ հիւլէական ռումբ արտադրելու համար պահանջուող նիւթերու...

Չաւուշօղլու Պիտի Մասնակցի «Խրիմի Հարթակ»-ին.  Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Խոստացած Է Հետեւութիւններ Ընել Մասնակից  Երկիրներու Դիրքորոշումներէն

Չաւուշօղլու Պիտի Մասնակցի «Խրիմի Հարթակ»-ին. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Խոստացած Է Հետեւութիւններ Ընել Մասնակից Երկիրներու Դիրքորոշումներէն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու պիտի մասնակցի Քիեւի նախաձեռնած «Խրիմի հարթակ» համախմբումի առաջին հանդիպումին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այցելութեամբ պիտի մեկնի Ուքրանիա` մասնակցելու համար «Խրիմի հարթակ»-ի վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 օգոստոս 2021-ին Քիեւի մէջ», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Նախապէս...

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան  Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները

«Չենք Կրնար Աֆղանիստանի Մէջ Կացութիւնը Վերահսկելու Արտօնութիւն Տալ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը վերահսկելու արտօնութիւն տալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք չենք կրնար Աֆղանիստանի կացութիւնը վերահսկելու արտօնութիւն տալ Չինաստանին եւ Ռուսիոյ», ըսած է Պորել Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ: Անոր...

Պայտըն Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ  Կը Քննարկէ Շրջանային Եւ Միջազգային Հարցեր

Պայտըն Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ Կը Քննարկէ Շրջանային Եւ Միջազգային Հարցեր

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական «Ուամ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ քննարկած է հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցերու զարգացումները: Պայտըն զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է եւ գնահատած Աֆղանիստանէն ամերիկացի դիւանագէտներու եւ քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ բարեկամ պետութիւններու քաղաքացիներու եւ...

«Թուրքիան Չի Կրնար Աֆղանիստանէն  Յաւելեալ Գաղթի Բեռը Տանիլ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Չի Կրնար Աֆղանիստանէն Յաւելեալ Գաղթի Բեռը Տանիլ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը չի կրնար Թալեպան շարժումի իշխանութեան տիրանալէն ետք Աֆղանիստանէն «յաւելեալ գաղթի բեռը» տանիլ: Էրտողան Մերքելին ըսաւ. «Նոր գաղթի ալիք մը անխուսափելի է, եթէ Աֆղանիստանի եւ Իրանի մէջ պէտք եղած քայլերը չորդեգրուին»: «Թուրքիան, որ արդէն հինգ միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ, չի կրնար յաւելեալ գաղթի...

Աւարտած Է Չինաստանն Ու Ռուսիան Միաւորող  Առաջին Երկաթուղային Կամուրջի Կառուցումը

Աւարտած Է Չինաստանն Ու Ռուսիան Միաւորող Առաջին Երկաթուղային Կամուրջի Կառուցումը

17 օգոստոսին` աշխատանքներու մեկնարկէն 7 տարի ետք, աւարտած է կառուցումը նոր կամուրջի մը, որ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ երկաթուղային համակարգերը պիտի միացնէ: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ կամուրջը կը միաւորէ Չինաստանի Թոնջիան քաղաքը ռուսական Նիժելենինսքոյէ բնակավայրին` Ամուր գետին ափին: Ատիկա կը նշանակէ, որ Չինաստանի հիւսիսային երկաթուղային ցանցը կրնայ կապուիլ Ռուսիոյ Սիպերիական երկաթուղիին: Գետին վրայէն անցնող կամուրջի երկարութիւնը 2215 մեթր է: Երկու կողմերուն...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ  Պայտընի Նկատմամբ Պաշտօնազրկման  Բանաձեւ Ներկայացուած Է

Աֆղանիստանի Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Պայտընի Վարկանիշը Հասած Է Իր Պաշտօնավարման Ընթացքին Ամէնէն Ցած Ցուցանիշին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նկատմամբ վստահութեան ցուցանիշը, Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն իշխանութեան գալուն պատճառով, նուազած է` հասնելով 46 առ հարիւրի: Այս մասին կը վկայեն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան եւ «Իփսոս» ընկերային ծառայութեան կատարած հարցախոյզին արդիւնքները: Գործակալութեան տուեալներով` այս գնահատականը ամէնէն ցածն է Պայտընի պաշտօնավարման ընթացքին: Անցեալ շաբաթ կատարուած նմանօրինակ հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, անոր վարկը նուազած է 7 առ հարիւրով: Նախքան թալեպաններուն...

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ  Պայտընի Նկատմամբ Պաշտօնազրկման  Բանաձեւ Ներկայացուած Է

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Պայտընի Նկատմամբ Պաշտօնազրկման Բանաձեւ Ներկայացուած Է

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մարճըրի Թէյլոր Կրին (Հանրապետական կուսակցութիւն) Քոնկրեսին առաջարկած է նախագահ Ճօ Պայտընի նկատմամբ միատեղ երեք պաշտօնազրկման հոլովոյթ յայտարարել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Անոր համաձայն, Քոնկրեսի քննարկման իր ներկայացուցած բանաձեւերէն մէկը կը նախատեսէ Պայտընի իշխանութենէն հեռացումը այն պատճառով, որ վերջինս 10000 ամերիկացի ձգած է աֆղանական Թալեպան շարժումի իշխանութեան տակ: Բացի ատկէ, Կրինի կարծիքով`...

Կորպաչեւ Նշած Է, Թէ Որո՛նք Պատասխանատու Են Խորհրդային Միութեան Փլուզման Համար

Կորպաչեւ Նշած Է, Թէ Որո՛նք Պատասխանատու Են Խորհրդային Միութեան Փլուզման Համար

Խորհրդային Միութեան առաջին եւ վերջին նախագահ Միխայիլ Կորպաչեւ յայտարարած է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզման պատասխանատուները 1991 թուականի օգոստոսեան յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչներն են, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք ստորագրած են Պելովեժեան համաձայնագիրները: Ան այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցին մէջ: Անոր համաձայն, յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչները կը պնդէին, որ փորձած են պահպանել երկիրը, սակայն, Կորպաչեւ անոնց գործողութիւններուն հետեւանքները կոչած է...

ՄԱԿ. «Թալեպան Շարժումը Կը Հետապնդէ  Օտար Ուժերու Հետ Գործակցած Աֆղանները»

Թալեպանները ՄԱԿ-էն Խնդրած Են Չհեռանալ Աֆղանիստանէն

Թալեպան շարժումը ՄԱԿ-էն խնդրած է մնալ Աֆղանիստանի մէջ եւ շարունակել մարդասիրական գործունէութիւնը: Ռուսական «Քոմերսանթ»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրին մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով համակարգող Ռամիզ Ալաքպարով: Վերջինս ընդգծած է, որ կազմակերպութիւնը յստակ համաձայնութիւն չունի թալեպաններուն հետ: Ալաքպարով յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակին եւ Թալեպան շարժումին միջեւ գործնական համագործակցութիւնը կը շարունակուի 18 տարիէ ի վեր: «Մենք...

ՄԱԿ. «Թալեպան Շարժումը Կը Հետապնդէ  Օտար Ուժերու Հետ Գործակցած Աֆղանները»

ՄԱԿ. «Թալեպան Շարժումը Կը Հետապնդէ Օտար Ուժերու Հետ Գործակցած Աֆղանները»

  Ըստ ՄԱԿ-ի մէկ գաղտնի զեկուցումին, Թալեպան շարժումը օտար ուժերու հետ գործակցած աֆղաններու հետապնդման գործողութիւններուն թափ տուած է: ՄԱԿ-ի համար զեկուցումը պատրաստած խումբ մը փորձագէտները կը յայտնեն. «Թալեպան շարժումը պատրաստած է անուանացանկ մը առաջնահերթ անձնաւորութիւններու, որոնց կ՛ուզէ ձերբակալել, հակառակ ընդդիմադիրներէն վրէժ չլուծելու շարժումին խոստումներուն»: Ըստ զեկուցումին, ամէնէն վտանգուածները անոնք են, որոնք աֆղանական զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան եւ հետախուզութեան մէջ պատասխանատու պաշտօններ...

«Թուրքիան Մտադիր Չէ Գաղթականներու Համար  Նախատեսուած Եւրոպական  «Պահեստային Ապաստարան»-Ի Վերածուելու»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Մտադիր Չէ Գաղթականներու Համար Նախատեսուած Եւրոպական «Պահեստային Ապաստարան»-Ի Վերածուելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան մտադիր չէ Եւրոպայի համար գաղթականներու «պահեստային ապաստարան»-ի դեր կատարել, Անգարան նման պարտականութիւն, պատասխանատուութիւն կամ պարտաւորութիւններ չունի: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող կացութեան: «Թուրքիան, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի հաղորդակցի Թալեպան շարժումին կողմէ ձեւաւորուած կառավարութեան հետ, որովհետեւ Անգարայի հիմնական նպատակը Աֆղանիստանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնն է», ըսաւ ան:...

Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը  Դամասկոսի Եւ Հոմսի Վերեւ  Դէմ Դրին «Թշնամական Թիրախներու»

Սուրիոյ Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դամասկոսի Եւ Հոմսի Վերեւ Դէմ Դրին «Թշնամական Թիրախներու»

Հինգշաբթի գիշեր սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Դամասկոսի արեւմտեան գիւղական շրջանին եւ Հոմսի հարաւային գիւղական շրջանին վերեւ դէմ դրին «թշնամական թիրախներու»: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի Դամասկոսի լրագրողը հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին թիրախները Դամասկոսի հիւսիսարեւմտեան շրջաններն ու Դամասկոսի միջազգային օդակայանի մերձակայքն են: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Դամասկոսի մօտ պայթումի ձայներ լսուած են` աւելցնելով. «Օդային պաշտպանութեան համակարգերը քաղաքին վերեւ դէմ...

Թուրքիոյ Մէջ Ողողումներու Պատճառով  Զոհերուն Թիւը Հասած Է 79-ի

Թուրքիոյ Մէջ Ողողումներու Պատճառով Զոհերուն Թիւը Հասած Է 79-ի

Թուրքիոյ մէջ Սեւ ծովու եզերքը գտնուող նահանգներուն մէջ արձանագրուած ողողումներուն պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 79-ի: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ Աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան (ԱՖԱՏ) համաձայն, Քասթամոնու նահանգէն զոհուած է 69 մարդ, Սինոփի նահանգէն` 9 մարդ, իսկ Պարթինի նահանգէն` մէկ մարդ: 11 օգոստոսին, Թուրքիոյ հիւսիսը տեղացած յորդառատ անձրեւները յառաջացուցած...

Խրիմը Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Պոյքոթի  Ենթարկելու Քիեւի Մէջ  Հակառուսական Վեհաժողովը

Խրիմը Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Պոյքոթի Ենթարկելու Քիեւի Մէջ Հակառուսական Վեհաժողովը

Խրիմի խորհրդարանը եւ ազգային համայնքները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են չմասնակցելու «Խրիմի հարթակ» ուքրանական վեհաժողովին: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ դիմումը ստորագրած են խորհրդարանի ղեկավար Վլատիմիր Քոնսթանթինովը եւ հանրապետութեան Հանրային պալատի նախագահ Ալեքսանտր Ֆորմանչուքը: Անոնք ընդգծած են, որ խորհրդաժողովին մասնակցիլը Ռուսիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը կասկածի տակ դնելու փորձ է: «Մեկնելով մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման սկզբունքներէն, Ռուսիոյ...

Թալեպանները Աֆղանիստանի Բնակիչներուն  Կոչ Ուղղած Են Յանձնելու Իրենց Մօտ Գտնուող  Զէնքն Ու Զինամթերքը

Թալեպանները Աֆղանիստանի Բնակիչներուն Կոչ Ուղղած Են Յանձնելու Իրենց Մօտ Գտնուող Զէնքն Ու Զինամթերքը

Աֆղանիստանի մէջ իշխանութիւն հաստատած ուժերը տեղւոյն բնակիչներուն կոչ ուղղած են իրենց յանձնելու զէնքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Աֆղանիստանի խաղաղ քաղաքացիները պէտք է Թալեպան շարժումի լիազօր անդամներուն յանձնեն զէնքն ու զինամթերքը», ըսած է արմատական շարժումին բանբերը: Երկրէն ամերիկեան ուժերու հեռացման լոյսին տակ աշխուժութիւն դրսեւորած թալեպանները կարճ ժամանակի մէջ գրաւած են Աֆղանիստանի մեծ քաղաքներն ու 15 օգոստոսին մուտք...

«Աւելի Քան 455 Հազար Զինուորներ  Պիտի Մասնակցին «Բանակային Խաղեր-2021-Ին»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Աւելի Քան 455 Հազար Զինուորներ Պիտի Մասնակցին «Բանակային Խաղեր-2021-Ին» Կ՛ըսէ Շոյկու

2021 թուականին Բանակային միջազգային խաղերու մասնակիցներուն թիւը պիտի գերազանցէ 455 հազարը: Այս մասին ռուսական «Քրասնայա Զվեզտա» թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: «Այս տարուան մասնակիցներուն ընդհանուր թիւը, հաշուի առնելով մեր զինեալ ուժերուն մէջ ընտրական փուլերը, կազմած է շուրջ 459 հազար` օդաչուներ, հրասայլ վարողներ, նաւաստիներ, մոթոհրաձիգներ, անկարգելաւորներ, մարտական մեքենաներու, սպառազինութեան վարորդներ, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր բանողներ, արձակազէններ,...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Աֆղանիստանի Զարգացումները

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Աֆղանիստանի Զարգացումները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած է Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Նախարարները շահագրգռուածութիւն յայտնած են կացութեան կայունացման հարցին մէջ եւ հիմնական ուժերուն կոչ ուղղած են ապահովելու Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութիւնն ու կարգ ու կանոնը:

Աֆղանիստանի Նախկին Փոխնախագահի  Ուժերը Փանժշիրի Մէջ Կը Կռուին Թալեպաններուն Դէմ.  Տոսթոմ Եւս Շրջան Կ՛ուղարկէ Իր Ուժերը

Աֆղանիստանի Նախկին Փոխնախագահի Ուժերը Փանժշիրի Մէջ Կը Կռուին Թալեպաններուն Դէմ. Տոսթոմ Եւս Շրջան Կ՛ուղարկէ Իր Ուժերը

Աֆղանիստանի նախկին փոխնախագահ Ամրուլլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերը Թալեպան շարժումի զինեալներուն դէմ մարտեր կը մղեն Քապուլէն հիւսիս գտնուող Փանժշիրի մէջ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ իրանամէտ «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը: «Ալամ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Սալեհի հաւատարիմ ուժերը գրաւած են Փարվանի նահանգի Չարինքարի շրջանը` այնտեղէն դուրս մղելով թալեպանները: Չարինքարէն եւ Սալանկի փապուղիէն կ՛անցնի Քապուլը Մազարի Շարիֆի` Պալխի հիւսիսարեւմտեան նահանգի վարչական կեդրոնին...

Աքար Եւ Հասանով Խօսած Են  Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Մասին

Աքար Եւ Հասանով Խօսած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան Մասին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հանդիպած է Ազրպէյճանի 15-րդ Միջազգային ռազմարդիւնաբերական արտադրութիւններու ցուցահանդէսի ծիրին մէջ Թուրքիա մեկնած պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ թրքական «Թէ.Ռէ.Հապեր» կայքը: Նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձած են Թուրքիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուած հարցերու: Անոնք խօսած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան մասին, եւ այդ խօսակցութեան ընթացքին...

Page 326 of 883 1 … 325 326 327 … 883

Արխիւներ