Ֆրանչիսկոս պապը չորեքշաբթի օր իր տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը սեփական անձին եւ շրջապատին նկատմամբ «սիրոյ դրսեւորում» է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Վատիկանի մամլոյ ծառայութեան:
«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուիլ այն պատուաստանիւթերով, որոնք հաստատուած են իրաւասու մարմիններուն կողմէ, սիրոյ դրսեւորում է: Եւ նպաստած ըլլալը, որ մարդոց մեծամասնութիւնը պատուաստուի, նոյնպէս սիրոյ դրսեւորում է, սէր` ինքներդ ձեր, հարազատներու եւ ընկերներու, բոլոր ժողովուրդներուն նկատմամբ», ըսած է Հռոմի եպիսկոպոսապետը:
Պապին համաձայն, սէրը կրնայ ըլլալ համաշխարհային, հասարակական եւ նոյնիսկ քաղաքական, անիկա միշտ «լեցուն է անձնական գթասրտութեան փոքրիկ քայլերով, որոնք ունակ են վերափոխելու եւ բարելաւելու հասարակութիւնը»:
Ֆրանչիսկոս պապը «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուած էր յունուարին:



