Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Թուրքիոյ Շտապ Բողոքագիր Յղած Է Յունաստանի Համապոնտական Դաշնակցութեան Նախագահին Ձերբակալութեան Պատճառով

August 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ դէմ քայլի դիմած է` Պոլսոյ օդակայանին մէջ Յունաստանի Համապոնտական դաշնակցութեան նախագահ Եորկոս Վարիթիմիատիսի ձերբակալութեան պատճառով: Այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

«Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի յանձնարարութեամբ Անգարայի մէջ Յունաստանի դեսպանատունը շտապ բողոքագիր յղած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Յունաստանի Համապոնտական դաշնակցութեան նախագահ Եորկոս Վարիթիմիատիսի ոչ իրաւաչափ ձերբակալութեան եւ արտաքսման վերաբերեալ: Ան քանի մը օր առաջ մեկնած էր Կոստանդնուպոլիս, որպէսզի իբրեւ Պոնտոսի հելլենականութեան ներկայացուցիչ ներկայ գտնուի Փանակիա Սումելայի վանքին մէջ կատարուելիք սուրբ պատարագին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Վարիթիմիատիս «Իեֆիմերիտա» օրաթերթին յայտնած է, որ ձերբակալութենէն ետք իրեն աշխատասենեակէ աշխատասենեակ տարած եւ 6-7 ժամ խուցի մէջ պահած են:

«Իմ մատնահետքերս առին: Ինծի ոչինչ ըսած են: Սակայն ինչպէս ինծի յունական հիւպատոսարանէն ըսին, ճնշումէն ետք թուրքերը անոնց ըսին, որ ես վտանգաւոր եւ անցանկալի անձ եմ», յայտնած է Համապոնտական դաշնակցութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Դիմելով Միջազգային Ընտանիքին` «Իրան Համաշխարհային Եւ Շրջանային Խաղաղութեան Մեծագոյն Սպառնալիքն Է. Միացեալ Գործողութիւններու Ժամանակն Է» Կ՛ըսէ Կանց

Յաջորդը

Հայիթիի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Հասած Է Շուրջ 1300-ի

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.