Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թալեպան Շարժումի Մուտքով Եւ Ամերիկեան Ուժերու Աստիճանական Հեռացումով. Աֆղանիստան Կը Թեւակոխէ Ռազմաքաղաքական Նոր Փուլ

Օգոստոս 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան 20 տարուան կեցութենէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի որոշումով, ամերիկեան ուժերը վերջին օրերուն շտապ կերպով հեռացան Աֆղանիստանէն` իրենց ետին ձգելով հազարաւոր ամերիկահպատակներ ու գործակից բարեկամներ:

Վիեթնամէն, Քորէաէն, Իրաքէն եւ այլ շրջաններէ ամերիկեան ուժերու հեռացումը յիշեցնող մթնոլորտի մէջ, ամերիկեան ուժեր լծուած են իրենց քաղաքացիներու, օգնական աֆղաններու եւ անոնց ընտանեկան պարագաներու Աֆղանիստանէն անմիջական ու ապահով հեռացումը իրականացնելու:

«Խոստումս յարգեցի եւ ամերիկեան ուժերը հեռացուցի», յայտարարեց նախագահ Ճօ Պայտըն` նշելով, որ ցարդ ամերիկեան ուժերը թալեպաններէն թշնամական վերաբերմունք չեն նկատած իրենց նկատմամբ:

Ամերիկեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտարարեցին, որ ճիգեր կը թափեն ամերիկահպատակներու եւ իրենց օժանդակած թարգմանիչներու, լրագրողներու եւ այլ գործակից բարեկամներու շտապ ու ապահով հեռացման համար Քապուլի օդակայանէն:

11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական գործողութեան պատճառով ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստան մուտքն ու անոր զանազան շրջաններուն մէջ տեղակայումը, հիմնականին մէջ նպատակ ունէր դադրեցնել  Թալեպան արմատական շարժումի վերագրուած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ կանխարգիլել հակաամերիկեան եւ ահաբեկչական նոր արարքներու հաւանականութիւնը:

Աֆղանիստանէն հեռացման վերաբերեալ նախագահ Պայտընի այս որոշումը որոշ քննադատութեան դուռ բացաւ, յատկապէս` ընդդիմադիր շրջանակներու մօտ: Այս գծով սուր բանավէճ ծագեցաւ հանրապետական եւ դեմոկրատական քաղաքական դէմքերու եւ ծերակուտականներու միջեւ: Ոմանք «գայթակղութիւն» որակեցին նախագահ Պայտընի այս քայլը:

Ամերիկեան Պատգամը `
Մօտակայ Եւ Հեռակայ  Դրացիներուն

Դէտերու կարծիքով, Պայտընի այս քայլը` ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն շտապ հեռացման գծով, պատգամ մըն է մօտակայ թէ հեռակայ դրացիներուն` Իրաքի, Սուրիոյ, նոյնիսկ Լիբանանի, թէ ուշ կամ կանուխ ամերիկեան ուժերը պիտի հեռանան իրենց շրջաններէն:

Թալեպան Կը Խոստանայ …

Մայրաքաղաք Քապուլի օդակայանին մէջ եւ անոր շուրջը վերջին օրերուն տիրած զինեալ  խուճապային վիճակէն ետք, երէկ` երեքշաբթի զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց: Այս կացութիւնը առաւել խոստմնալից դարձաւ Թալեպանի պատասխանատուներու կատարած «հանդարտեցուցիչ» յայտարարութիւններէն ետք, երբ անոնք խոստացան «Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան» մէջ յարգել  քաղաքայիններու մարդկային իրաւունքը:

Այսուհանդերձ, ամերիկեան ուժերու բարեկամ եւ գործակից հարիւրաւոր մարդիկ փորձեցին «մագլցիլ» եւ մուտք գործել Քապուլէն մեկնելու պատրաստուող օդանաւերէն ներս:

Աւելի քան տասը հազար ամերիկահպատակ քաղաքացիներ կը փորձեն հեռանալ Աֆղանիստանէն:

Նմանապէս, շատեր զգուշաւոր վերապահութեամբ հետեւեցան Թալեպան շարժումի «խաղաղարար» խոստումներուն` յիշեցնելով 1990-ական թուականներուն Թալեպան շարժումին գործադրած արմատական, ծայրայեղ կեցուածքները:

Աւելի՛ն, Թալեպան շարժումը խոստացաւ համաներում շնորհել նախկին վարչամեքենայի անձնակազմին, լրագրողներուն եւ հասարակական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` կիներուն: Թալեպան շարժումը խոստացաւ քաջալերել կիները եւ առհասարակ իգական սեռը շարունակելու իրենց ուսումը, այնքան ատեն որ անոնք կը յարգեն իսլամական շարիայի օրէնքին տրամադրութիւնները: Թալեպան շարժումի մէկ պատասխանատուն հաստատեց, որ «ներկայի Թալեպան շարժումը շատ փոխուած է եւ այն չէ, ինչ որ էր 1990-ական թուականներուն»:

Համաներում

Թալեպան շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնեց խաղաղ ու հեզասահ կերպով իշխանութեան փոխանցումի` խոստանալով յարգել քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքը: Աւելի՛ն, շարժումը համաներում շնորհեց Աֆղանիստանի «մեկնող» վարչամեքենայի անդամներուն:

Կիներու Ապագան Մտահոգիչ Է

Քաղաքացիական, հասարակական, մարդկային իրաւանց եւ յատկապէս կնոջական կազմակերպութիւններ մտահոգութիւն յայտնեցին Աֆղանիստանի մէջ կիներու կացութեան եւ անոնց քաղաքացիական կարգավիճակի ապագային գծով: Այս մասին «Եուրօ Նիուզ»-ի լրագրող մը եւ Աֆղանիստանէն խոյս տուած հասարակական գործիչ մը հաստատեցին, որ իրենք վերապահ են Թալեպան շարժումի յայտարարութիւններուն գծով եւ օգնութիւն խնդրող բազմաթիւ հեռաձայններ կը ստանան սարսափահար աֆղան կիներէ ու բարեկամներէ, որոնք կը փորձեն խոյս տալ Աֆղանիստանէն` խուսափելով Թալեպան շարժումի իշխանութենէն:

Այս տրամադրութիւնները հանդարտեցնելու միտումով` Թալեպան շարժումի պատասխանատուներ կոչ ուղղեցին աֆղան կիներուն` ներկայանալու եւ մաս կազմելու կառավարութեան:

Շապնամ Նասիմի, որ քանի մը տարի առաջ ընտանիքին հետ խոյս տուած էր Աֆղանիստանէն եւ հաստատուած Լոնտոն, «սուտ խոստում» որակեց Թալեպան շարժումի յայտարարութիւնները:

Իր կարգին, Նոպելեան մրցանակակիր Մալալա Եուսաֆզայ, որ Թալեպան շարժումի Փաքիստանի զինեալներուն կողմէ յարձակման թիրախ դարձած ու ֆիզիքապէս վիրաւորուած էր, կասկածելի նկատեց շարժումին խոստումները` նշելով, որ այն, ինչ որ ցարդ իրագործուած է, պիտի կորսուի Թալեպան շարժումի լուծին տակ:

Արձագանգներ.
Եւրոպական Միութեան Արտակարգ Ժողով

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներ արտակարգ ժողով մը գումարեցին երէկ` քննելու համար Աֆղանիստանի կացութեան վերջին զարգացումները: Առցանց այս ժողովին խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց եւրոպական քաղաքացիութիւն ունեցողներու ապահով եւ անմիջական հեռացումը Աֆղանիստանէն:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հրապարակաւ քննադատեց Պայտընի քայլը եւ ամերիկեան ուժերու Աֆղանիստանէն հեռացումը վերագրեց ամերիկեան «ներքին հաշիւներու լուծման»:

Լաւրով.
«
Դրական Ազդանշաններ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ դրական ազդանշաններ կը նկատէ Թալեպան շարժումի պատասխանատուներու յայտարարութիւններուն մէջ:

Ըստ Ռուսիոյ, Աֆղանիստան փուլ եկաւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերու շտապ հեռացումէն ետք: «Չէզոք եւ նոյնիսկ դրական մօտեցում պիտի ցուցաբերենք, եթէ Թալեպան շարժումը թշնամական վերաբերմունք չցուցաբերէ Ռուսիոյ նկատմամբ», յայտարարեց բարձրաստիճան պատասխանատու մը:

Իրան

Ըստ իրանեան աղբիւրներու, Իրանի դեսպանատունն ու Հերաթի հիւպատոսարանը կը գործեն բնականոն կերպով:

«Թուրքիա Քոյր Պետութիւն Է»

Թալեպան շարժումի մէկ պատասխանատուն «քոյր պետութիւն» որակեց Թուրքիան` նշելով, որ բարեկամական գործակցութիւն եւ եղբայրական յարաբերութիւններ տիրական են երկու երկիրներու պետութեանց միջեւ:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը զօրակցութիւն յայտնեց Թալեպան շարժումին` անոր ձեռք ձգած յաջողութեան առիթով:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Լը Տորիան Կը Քննարկեն Աֆղանիստանի Կացութիւնը

Յաջորդը

Պելճիքական Ֆութպոլ. Իվան Եաքան Կոլի Հեղինակ` Լիերսի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?