Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քապուլի Մէջ Պուրքային Գինը Տասնապատկուած Է

August 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թալեպան արմատական շարժումին կողմէ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի գրաւումէն եւ երկրին մէջ իշխանութեան տիրանալէն ետք քաղաքին մէջ պուրքայի (կիներու դէմքն ու մարմինը ամբողջովին ծածկող իսլամական հագուստ, «Ա.») գինը տասնապատկուած է:

Կին մը, որ ապահովական պատճառներով իր անունը չէ նշած, «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ թալեպաններու յառաջխաղացքին լոյսին տակ, կիները շուկայ խուժած են անմիջապէս պուրքա գնելու համար:

Կինը նշած է, որ կիրակի օր, երբ թալեպանները գրաւեցին Քապուլը, չէ կրցած շուկայ հասնիլ, որովհետեւ ստիպուած եղած է դրամատան առջեւ ժամերով կարգի կանգնիլ` փորձելով, անորոշ ապագային պատճառով, իր հաշիւէն իր գումարները կրցածին չափ վերցնել: Ան նշած է, թէ թալեպաններուն կողմէ Քապուլը գրաւելը անակնկալ էր, մանաւանդ դէպքերու արագ զարգացման պատճառով, որովհետեւ շատեր կը կարծէին, թէ Քապուլը մէկ տարի կամ գրեթէ այդքան տեւողութեամբ պիտի դիմադրէ:

Այլ կին մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, որ շուկային մէջ պուրքայի տագնապ գոյութիւն ունի, եւ ինք իր ընտանիքին մէջ երեք կիներու համար մէկ կամ երկու պուրքա ունի: Ան հաւանական նկատեց, որ ստիպուի անկողինի ծածկոցները օգտագործել որեւէ ձեւով հիժապ (երեսը ծածկող քող, «Ա.») կարելու համար:

Մինչ այդ, Թալեպան շարժումի բանբեր Սուհէյլ Շահին բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ շարժումը իսլամական օրէնքին համաձայն երեսը ծածկող քողի օգտագործումը պիտի պարտադրէ, թէեւ ատիկա չի նշանակեր, որ խօսքը պուրքա հագուելու մասին է: «Հիժապի բազմաթիւ տեսակներ կան», նշած է ան:

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Փակ Քննարկում Կատարեց Սահմանին Իրադրութեան Վերաբերեալ. Զինուած Ուժերը Կը Վերահսկեն Երկրի Սահմաններուն

Յաջորդը

Թալեպան Շարժումի Երկրէն Արտաքսուած Ղեկավարն Ու Համահիմնադիրը Կը Վերադառնայ Քապուլ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.