Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմէն պաշտօնատարներ Քոնկրեսին յայտարարած են, որ շուրջ 15 հազար ամերիկացի զինուորներ, Թալեպան շարժումին կողմէ երկրին տիրելէն ետք, տակաւին չեն կրցած հեռանալ այդ երկրէն: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու պաշտօնատարներ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ այդ թիւը ստացած են ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան պաշտօնատարներու ներկայացուցած զեկուցումէ մը:
Այս տեղեկութիւնը առաջին անգամ հաղորդած էր «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, որ նշած էր, թէ շուրջ 10-15 հազար ամերիկացի քաղաքացիներ տակաւին չեն կրցած Աֆղանիստանէն հեռանալ: Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սոլիվըն իր կարգին երեքշաբթի օր Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու յայտնած էր. «Թալեպանները մեզ տեղեակ պահեցին, որ պատրաստ են քաղաքայիններու դէմ օդակայան անվտանգ անցք ապահովել, եւ մտադիր ենք զանոնք այդ յանձնառութեան տէր կանգնեցնել»:
Ծերակոյտի պաշտօնատարները ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ իրենց յայտնուած է, թէ վարչակազմը թալեպաններու անցարգելներուն պատճառով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ Քապուլէն դուրս հանելու ծրագիր ունի:
Ամերիկեան կառավարութիւնը յայտնած է, որ պատրաստ է ներգաղթեալներու յատուկ մուտքի արտօնագիր ունեցող աւելի քան 20 հազար աֆղաններ տեղափոխելու ամերիկեան ռազմակայաններ:



