Իսրայէլ մէկ կողմ պիտի չքաշուի, այնքան ատեն որ Իրանը տակաւին իր հիւլէական ծրագիրը կը զարգացնէ: «Ճերուզալեմ Փոսթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց:
Կանց յայտարարած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու իր հիւսիսային դրացի Լիբանանին, սակայն պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանի մէջ տիրող ողբերգութիւնը հասնի Իսրայէլի սահման:
«Մենք լաւ գիտենք Հըզպալլայի` ի վնաս անվտանգութեան կացութիւնը օգտագործելու փորձերուն մասին: Լիբանանի քաղաքացիները Իրանի ուղիղ ազդեցութեան տակ են», յայտարարած է Կանց:
Ան նաեւ անդրադարձած է վերջերս Օմանի ափերուն մօտ իսրայէլեան քարիւղատար նաւու մը վրայ յարձակումին, որուն համար Իսրայէլ մեղադրած է Իրանը:
«Իրան համաշխարհային եւ շրջանային խաղաղութեան մեծագոյն սպառնալիքն է: Իսրայէլ մէկ կողմ պիտի չքաշուի, այնքան ատեն որ Իրանը յառաջ կը մղէ իր հիւլէական ծրագիրը: Մենք միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք քայլերու ձեռնարկելու եւ դադրեցնելու իրանեան յարձակումը: Այս միացեալ գործողութիւններուն ժամանակն է», աւելցուցած է Կանց: