ՀԱՊԿ-ը կը հետեւի Աֆղանիստանի մէջ կացութեան զարգացման եւ կացութեան սրման ու Տաճիկիստանի անվտանգութեան սպառնալիքի պարագային պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ հաւաքական միջոցները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
Ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Տաճիկիստանի պաշտպանութեան նախարարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հետ:
Զաս ըսած է, որ ներկայիս Տաճիկիստանի ուժային կառոյցները ամբողջովին կը վերահսկեն սահմանին վրայ կացութեան, եւ ՀԱՊԿ-ի մեքանիզմներու գործարկման անհրաժեշտութիւն չկայ: