Իրանեան Օրաթերթ Մը Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ Բարձրացնելու Ազրպէյճանական Բեռնակառքերու Համար Տարանցիկ Տուրքը
Իրանեան «Ճաւան» օրաթերթը հրապարակած է «Պաքուի յանցագործութիւնը Իրանէն Կովկաս հաղորդակցութեան ճամբուն վրայ» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ նշուած է Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ազրպէյճանական անցարգելներու տեղակայման վայրը: Յօդուածին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հայաստան կորսնցուցած է Ազրպէյճանի վրայ ճնշման բոլոր լծակները եւ չի փորձեր նորերը ստեղծել: Ազրպէյճանը, ընդհակառակն, հին խորհրդային քարտէսներէն մեկնելով, յարձակած է Հայաստանի տարածքին վրայ եւ, ի լրումն ճնշման նախկին լծակներու, վերահսկողութիւն...




















