Միջազգային

«Բրիտանիան Իրանին Պէտք Է Վճարէ  Իր Հին Պարտքերը»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Բրիտանիան Իրանին Պէտք Է Վճարէ Իր Հին Պարտքերը» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարեց նշելով, որ Իրան պատրաստ է փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ բանակցելու: Ապտոլլահեան բուռն կերպով դատապարտեց «Եւրոպական Միութեան հիւլէական համաձայնութեան մէջ նշուած իր յանձնառութիւնները չգործադրելը»` աւելցնելով. «Բրիտանիան Իրանին պէտք է վճարէ իր հին պարտքերը»: Ան քննադատեց «Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու աղէտալի վարմունքը»` շեշտելով, որ Աֆղանիստան կարիքը ունի համապարփակ կառավարութեան: Նշենք,...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Իրենց Երկիրը Բնակող Միլիոնաւորներու  Տուեալները Կը Յանձնեն Իսրայէլի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Իրենց Երկիրը Բնակող Միլիոնաւորներու Տուեալները Կը Յանձնեն Իսրայէլի

«Մաժհար Ժազիրա» կայքը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց երկրին մէջ բնակող աւելի քան 9 միլիոն անձերու տուեալները յանձնած են Իսրայէլի: Կայքը, մէջբերելով սպրդած փաստաթուղթ մը, յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ տեղեկութիւնները իր դիւանագէտներու հարցերու վարչութեան տնօրէն Համատ Մաթար Շամսիի կողմէ պաշտօնական նամակով ղրկած է, որպէսզի իսրայէլեան իշխանութիւնները «Էքսփօ Տուպայ 2020»-ին անվտանգութեան ապահովման համար անոր աւելի...

«Հորիզոնին Վրայ Տեսանելի Է  Մեծ Ու Հզօր Թուրքիոյ Ուրուագիծը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Հորիզոնին Վրայ Տեսանելի Է Մեծ Ու Հզօր Թուրքիոյ Ուրուագիծը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օրեր առաջ խօսք արտասանած է Անգարայի նախագահական պալատին մէջ, ուր յայտարարած է. «Հորիզոնին վրայ տեսանելի է մեծ ու հզօր Թուրքիոյ ուրուագիծը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Երբ մենք կ՛ըսենք, որ Թուրքիան պիտի դարձնենք աշխարհի տասը մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկը, ասիկա կ՛ըսենք ո՛չ միայն մարդոց այս կամ այն դասակարգին, այլ երկրի բոլոր քաղաքացիներուն համար: Երբ...

«Թալեպան Շարժումը Կը Ստէ, Եւ Վերջերս  Յայտարարուած Անոր Կառավարութեան Հետ  Յարաբերութիւններ Պիտի Չհաստատենք»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Թալեպան Շարժումը Կը Ստէ, Եւ Վերջերս Յայտարարուած Անոր Կառավարութեան Հետ Յարաբերութիւններ Պիտի Չհաստատենք» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան նշեց, որ Թալեպան շարժումը կը ստէ, եւ իր երկիրը վերջերս անոր յայտարարած կառավարութեան հետ յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ֆրանսական «Ֆրանս 5» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Թալեպանները յայտնեցին, որ կարգ մը օտարահպատակներու եւ աֆղաններու պիտի արտօնեն ազատօրէն հեռանալ, եւ խօսեցան համապարփակ ու բոլոր կողմերը ներկայացնող կառավարութեան մասին, սակայն կը ստեն»: «Ֆրանսան կը...

«Էմ. Այ. 5»-ի Ղեկավարը Կը Նախազգուշացնէ  Նոր «Սեպտեմբեր 11»-ի Սպառնալիքի Մասին

«Էմ. Այ. 5»-ի Ղեկավարը Կը Նախազգուշացնէ Նոր «Սեպտեմբեր 11»-ի Սպառնալիքի Մասին

Աֆղանիստանէն ամերիկեան զօրքերու հեռացումը աճեցուցած է վտանգը նոր ահաբեկչութեան, ինչպիսին 11 սեպտեմբեր 2001-ին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այս մասին յայտարարած է բրիտանական հակահետախուզութեան` «Էմ.Այ.5»¬ի ղեկավար Քեն ՄաքՔալըմը: Անոր խօսքը կը մէջբերէ «Տը Թայմզ» օրաթերթը: ««Էմ.Այ.5»¬ի ղեկավարին կարծիքով, Ուաշինկթընի որոշումը «ոգեւորած եւ ոգեշնչած» է իսլամական ծայրայեղականները: Խօսքը ո՛չ միայն բարոյական ոգիի բարձրացման մասին է, այլ նաեւ ահաբեկիչներու վերախմբաւորման բարձր հաւանականութեան...

Միացեալ Նահանգներու Ազգային  Հետախուզութեան Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Աֆղանիստանը Այլեւս Սպառնալիք Չէ,  Վտանգը Կու Գայ Եմէնէն,  Սոմալիէն, Սուրիայէն Եւ Իրաքէն»

Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Աֆղանիստանը Այլեւս Սպառնալիք Չէ, Վտանգը Կու Գայ Եմէնէն, Սոմալիէն, Սուրիայէն Եւ Իրաքէն»

Միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներէն Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած սպառնալիքը կու գայ Եմէնէն, Սոմալիէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն, իսկ Աֆղանիստանը հեռու է այդ ցուցակին վրայ առաջինը ըլլալէն: «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ավրիլ Հէյնզը: Ան նոյն ատեն բացատրած է, որ հակառակ անոր որ Ուաշինկթընի համար Աֆղանիստանը այլեւս մտահոգութեան հիմնական պատճառ չէ` իբրեւ ահաբեկիչներու ապաստանարան, ամերիկեան հետախուզական...

Աֆղանիստանի Վերջին Հրեան  Լքած Է Երկիրը

Աֆղանիստանի Վերջին Հրեան Լքած Է Երկիրը

Աֆղանիստանի վերջին հրեան` 62 տարեկան Զեպուլոն Սիմանթովը փախուստ տուած է Թալեպան շարժումի գրաւած երկրէն. հեռացման գործողութիւնը կազմակերպած են սեփական բարեգործական կազմակերպութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Աֆղանիստանի մէջ յայտնի գործիչին ուղեկցած են սեփական պահակութեան ընկերութեան ներկայացուցիչները, որոնց վարձած է ամերիկաբնակ հրեայ Մոշէ Մարկարեթենը: Վերջինս կը զբաղի վտանգաւոր կացութիւններու մէջ յայտնուած հրեաներու փրկութեամբ: Ըստ տեղեկութիւններու, Սիմանթովին նախապէս ալ...

Կանց Իրանին Ուղղուած Սպառնական  Պատգամով. «Ժամանակն Է Գործելու»

Կանց Իրանին Ուղղուած Սպառնական Պատգամով. «Ժամանակն Է Գործելու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց Իրանին ուղղուած սպառնական պատգամով մը յայտնեց. «ժամանակն է գործելու»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց, որ Կանց իսրայէլեան Ռայխման համալսարանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնած է. «Իրան հիւլէական ծրագիրին շուրջ իր ստորագրած համաձայնագիրները չի յարգեր, եւ պատճառ չկայ, որ յարգէ ապագային իր ստորագրելիք համաձայնութիւնները»: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը կոչ ուղղեց այն «երկիրներուն, որոնք...

Թուրքիան Եգիպտոսի Հետ Համաձայնութենէ Ետք  Խումբ Մը Վարձկաններ  Կը Հեռացնէ Լիպիոյ Ռազմակայանէն

Թուրքիան Եգիպտոսի Հետ Համաձայնութենէ Ետք Խումբ Մը Վարձկաններ Կը Հեռացնէ Լիպիոյ Ռազմակայանէն

Թուրքիան Լիպիայէն հեռացուցած է սուրիացի վարձկաններու խումբ մը, որ տեղակայուած էր մայրաքաղաք Թրիփոլիէն 100 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք գտնուող Ուաթիա օդուժի ռազմակայանին մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթարի կեդրոնատեղիէն աղբիւր մը: «Թրքական զինուորական փոխադրամիջոցային «Էյ. 400» օդանաւերը Սուրիոյ վարձկանները կը հեռացնեն Ուաթիա ռազմակայանէն` Գահիրէի եւ Անգարայի միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ», ըսած է...

«ՀԱՊԿ-ի Պատասխանատուութեան Գօտիին Մէջ  Գոյութիւն Ունեցող Կացութիւնը Վտանգներ Կը Պարունակէ»  Կ՛ըսէ Փութին

«ՀԱՊԿ-ի Պատասխանատուութեան Գօտիին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Կացութիւնը Վտանգներ Կը Պարունակէ» Կ՛ըսէ Փութին

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը ո՛չ միայն կայուն չէ, այլ նաեւ վտանգներ կը պարունակէ շրջանի երկիրներուն համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին ընթացքին: «Ինչպէս արդէն նշուած է, ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ եւ անդամ պետութիւններու արտաքին սահմաններուն վրայ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը...

Իրանեան Բեռնակառքերու Վարորդները  Կը Սպառնան Փակել Գորիս-Կապան Ճամբան

Իրանեան Բեռնակառքերու Վարորդները Կը Սպառնան Փակել Գորիս-Կապան Ճամբան

Կապան-Գորիս ճամբուն վրայ իրանեան բեռնակառքերու «գերի» մնացած վարորդները կը սպառնան փակել ճամբան, որովհետեւ ազրպէյճանական անցակէտը անցնելու համար իրենցմէ դարձեալ գումար կը պահանջեն: Տարածքին մէջ արդէն շուրջ 50 իրանեան բեռնատար կուտակուած է: Վարորդներէն մէկը, որուն անունը Ամիր է, «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ արդէն երեք օր է` կանգնած են Որոտանի մօտ եւ չեն կրնար անցնիլ, որովհետեւ ազրպէյճանցիներուն վճարելու...

Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Մէկ Շաբթուան Մէջ  2-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիպում  Ունեցած Է Ալիեւի Օգնականին Հետ

Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Մէկ Շաբթուան Մէջ 2-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիպում Ունեցած Է Ալիեւի Օգնականին Հետ

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւին դարձեալ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ»-ը: Յիշեցնենք, որ 14 սեպտեմբերին Հաճիեւ եւ Մուսաւի քննարկած էին երկկողմանի յարաբերութիւններուն վիճակը եւ հասարակաց մտահոգութեան հարցեր: «Մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ առիթ ունեցայ հանդիպելու Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Մեր ջերմ զրոյցներուն ընթացքին մենք քննարկեցինք ներկայ...

Մաքրոն. Մեր Ուժերը Սպաննեցին Սահարա  Անապատի Շրջանին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը»

Մաքրոն. Մեր Ուժերը Սպաննեցին Սահարա Անապատի Շրջանին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարը»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ յայտարարեց. «Ֆրանսական ուժերը սպաննեցին Սահարա անապատի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի ղեկավար Ատնան Ապուլուալիտ Սահրաուին»: «Ասիկա շրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեր պայքարին մէջ այլ մեծ յաջողութիւն մըն է», «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց Մաքրոն: «Ազգը այսօր երեկոյեան կը մտածէ իր բոլոր հերոսներուն մասին, որոնք Սահել շրջանին մէջ Ֆրանսայի համար զոհուեցան Սերֆալ եւ Պարխան գործողութիւններուն ընթացքին, ինչպէս...

Պայտըն Կը Խոստանայ Ֆրանսայի Հետ  Սերտօրէն Գործել Խաղաղական Եւ Հնդկաց  Ովկիանոսներու Շրջաններուն Մէջ

Պայտըն Կը Խոստանայ Ֆրանսայի Հետ Սերտօրէն Գործել Խաղաղական Եւ Հնդկաց Ովկիանոսներու Շրջաններուն Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Պատրաստ են Ֆրանսայի եւ այլ գլխաւոր գործընկերներու հետ սերտօրէն աշխատելու» Խաղաղական եւ Հնդկաց ովկիանոսներու շրջաններուն մէջ: «Մասնաւորաբար Ֆրանսան Ատլանտեան եւ Հնդկաց ովկիանոսներու շրջաններուն մէջ կարեւոր ներկայութիւն ունի, եւ հիմնական գործընկեր ու դաշնակից է», նշեց Պայտըն: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց մեկնարկէն ետք Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ հետ անվտանգութեան նոր գործընկերութեան, որուն հիմամբ Քանպերան...

ՕԹԱՆ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչի  Պաշտօնի Թեկնածուն Ռուսիան Կոչած Է  «Յառաջիկայ 10 Տարուան Մեծագոյն Զինուորական Սպառնալիքը»

ՕԹԱՆ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչի Պաշտօնի Թեկնածուն Ռուսիան Կոչած Է «Յառաջիկայ 10 Տարուան Մեծագոյն Զինուորական Սպառնալիքը»

Ռուսիան յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին պիտի մնայ ՕԹԱՆ-ի համար մեծագոյն զինուորական սպառնալիքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի պաշտօնի թեկնածու Ճուլիանա Սմիթ: Ան Քոնկրեսի լսումներու ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախաձեռնած «յարձակումին» մասին: «Ռուսիան կը մնայ եւրոատլանտեան շրջանի մեծագոյն աշխարհաքաղաքական սպառնալիքը եւ անշուշտ տեսանելի ապագային պիտի մնայ յաջորդ տասնամեակին մէջ ՕԹԱՆ-ի մեծագոյն զինուորական...

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատուաստները  Մարդկութեան Բարեկամ Կոչած Է

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատուաստները Մարդկութեան Բարեկամ Կոչած Է

Կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր ղեկավար Ֆրանչիսկոս պապը իր տարակուսանքը յայտնած է, որ շատեր, ներառեալ որոշ կարտինալներ, կը մերժեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուիլ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին լրագրողներու հետ խօսած է օդանաւին մէջ` Սլովաքիայէն վերադառնալու ընթացքին: «Ատիկա տարօրինակ է, որովհետեւ մարդկութիւնը պատուաստներու հետ բարեկամութեան պատմութիւն ունի: Մանուկ տարիքին մենք կը պատուաստուինք կարմրուկի, փոլիոյի դէմ, բոլորը կը պատուաստուին, եւ ոչ...

Ազրպէյճանցիները Կը Շարունակեն Սպառնալ  Ռուսիոյ Տումայի Անդամ Վիթալի Միլոնովին

Ազրպէյճանցիները Կը Շարունակեն Սպառնալ Ռուսիոյ Տումայի Անդամ Վիթալի Միլոնովին

Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան Վիթալի Միլոնով կը շարունակէ սպառնալիքներ ստանալ ազրպէյճանցիներէն: Միլոնով նախապէս յայտնած էր, որ իր անձնական տուեալներու բացայայտումէն ետք ինք եւ իր ընտանիքը ազրպէյճանական թելեկրամեան ալիքներէն մէկէն ստացած են 50 սպառնալից հաղորդագրութիւն, սակայն ինք չէ դիմած իրաւապահ մարմիններուն: «Ասիկա տեղի կ՛ունենայ երէկուընէ, անոնք կ՛ուզեն, որ ես ներում հայցեմ Ազրպէյճանի ժողովուրդէն Ղարաբաղի համար, ամէն ինչի համար: Շուրջ 40 կամ 50...

Ազրպէյճանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Գորիս-Կապան Մայրուղիին Վրայ  Երկու Իրանցի Վարորդ Ձերբակալած Է

Ազրպէյճանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Գորիս-Կապան Մայրուղիին Վրայ Երկու Իրանցի Վարորդ Ձերբակալած Է

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էհսան Զահիտով յայտնած է, որ ձերբակալած են Գորիս-Կապան ճամբէն անցնող իրանեան բեռնակառքերու երկու վարորդներ, որոնք «անօրինական կերպով մուտք գործած են Ազրպէյճանի տարածք»: «Մեքենաները, որոնք Հայաստանէն անօրինական կերպով անցած են Ազրպէյճանի տարածք, կանգնեցուած են ներքին գործոց նախարարութեան, Պետական մաքսային յանձնախումբի եւ Պետական սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ: Այդ մեքենաներու վարորդներուն նկատմամբ համապատասխան քայլեր պիտի առնուին`...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը  Եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի Նախագահը Քննարկած Են  Արցախի Մարդասիրական Խնդիրները

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալը Եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի Նախագահը Քննարկած Են Արցախի Մարդասիրական Խնդիրները

14 սեպտեմբերին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Վերշինինը եւ Միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէի նախագահ Փիթեր Մաուրըրը: «Այս մասին «Արմէնփրես»-ը տեղեկացած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: «Հանդիպումի ընթացքին շարունակուած է Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ` այլ շրջաններու մէջ ընթացիկ մարդասիրական օրակարգի մանրամասն քննարկումը: Այս ծիրին մէջ քննարկուած են Ռուսիոյ եւ Միջազգային կարմիր...

«ՀԱՊԿ-ը Աֆղանիստանի Հետ Սահմանի Կացութեան  Սրման Պարագային Տաճիկիստանին Անհրաժեշտ  Զինուորական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ»  Կ՛ըսէ Զաս

«ՀԱՊԿ-ը Աֆղանիստանի Հետ Սահմանի Կացութեան Սրման Պարագային Տաճիկիստանին Անհրաժեշտ Զինուորական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ» Կ՛ըսէ Զաս

Հաւաքական անվտանգութեան կազմակերպութեան պայմանագիրի (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրները համակարծիք են եւ Աֆղանիստանի հետ սահմանին կացութեան սրման պարագային օգնութիւն պիտի տրամադրեն Տաճիկիստանին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ՀԱՊԿ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի, արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու միացեալ նիստի աւարտին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս: Ան ընդգծած է, որ Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը մասնաւորապէս կը մտահոգէ...

Page 317 of 883 1 … 316 317 318 … 883

Արխիւներ