Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Մենք Դրական Ուղերձներ Կը Յղենք, Որոշ Դրական Ուղերձներ Կու Գան Հայաստանէն, Սակայն Այդ Դրական Ուղերձները Պէտք Չէ Միայն Բառեր Ըլլան»

September 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Էսքիշեհիրի նահանգապետարանին մէջ հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումի ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան հարցերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

Նշելով, որ կարծր ուժ կը կիրարկեն այն ժամանակ, երբ դիւանագիտական ճամբով կարելի չըլլար լուծում գտնել` Չաւուշօղլու իբրեւ օրինակ նշած է Թուրքիոյ գործողութիւնները Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արեւելեան Միջերկրականին մէջ, նշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի օրինակը եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը մեղադրած է դրացի երկիրներու տարածքներուն նկատմամբ ախորժակներ ունենալու յանցանքով:

Շարունակելով օրինակներու շարքը` ան անդրադարձած է Կովկասի մէջ Ազրպէյճանի քայլերուն:

«Ազրպէյճանը 30 տարի սպասեց, դիւանագիտական ճամբով լուծում չեղաւ: Մինսքի եռեակը կամ Մինսքի խմբակը, որուն անդամ ենք նաեւ մենք, չգործեց: Ի՞նչ եղաւ, կարճ ժամանակի մէջ` 43 օրուան մէջ, մեր եղբայր Ազրպէյճանը ետ վերցուց իր հողերը, եւ հիմա դիւանագիտութեան կարելիութիւն կայ», ըսած է ան:

Չաւուշօղլու նշած է, թէ անհրաժեշտ է, որ խօսքէն գործի վերածուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ իրարու յղուող դրական ուղերձները: «Մենք դրական ուղերձներ կը յղենք, որոշ դրական ուղերձներ կու գան Հայաստանէն, սակայն այդ դրական ուղերձները պէտք չէ միայն բառեր ըլլան», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

Շարունակելով խօսքը` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանը մեղադրած է դրացի երկիրներու տարածքներուն վրայ «աչք դնելու» յանցանքով:

«Եթէ Հայաստանը դասեր քաղէ տեղի ունեցածէն, ապա պէտք է հասկնայ, որ ոչինչի պիտի հասնի դրացի երկիրներու հողեր ներխուժելով կամ իր դրացիներու հողերուն վրայ աչք դնելով», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Ան խօսած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ առաջարկուող խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ:

«Ազրպէյճանը հանդէս եկած է նաեւ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի շուրջ բանակցելու առաջարկով: Ընտրութիւնները աւարտած են, կառավարութիւնը ձեւաւորուած է, եւ յոյսով եմ Հայաստանն ալ դրական պատասխան պիտի տայ», եզրափակած է ան:

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կասպից Ծովուն Մէջ Թրքական Զինուորական Ներկայութիւնը Անօրինական Է»

Յաջորդը

Աքար. «Անգարան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Պաքուին` «Մէկ Ազգ, Երկու Պետութիւն» Տրամաբանութեան Ծիրին Մէջ»

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.