Միջազգային

«Իրաք Կը Զօրակցի Շրջանին Մէջ Կայունութեան  Հաստատման Համար Իրանի Երկխօսութեան Ջանքերուն»  Թեհրանի Մէջ Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Իրաք Կը Զօրակցի Շրջանին Մէջ Կայունութեան Հաստատման Համար Իրանի Երկխօսութեան Ջանքերուն» Թեհրանի Մէջ Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմի Թեհրանի մէջ Իրաքի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ միացեալ մալմոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Քննարկեցինք եղբայրական  յարաբերութիւններն ու կապերը եւ տնտեսական թղթածրարները, ինչպէս նաեւ երկաթուղային կապն ու առեւտրական շրջանառութիւնը աւելցնելու թղթածրարները»: «Իրաք շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններու կը ձգտի», ըսաւ Քազեմի` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իր երկրին կողքին կանգնեցան ընդդէմ ՏԱՀԵՇ¬ին: «Իրաք կը զօրակցի...

«Ռուսիան Հրամանատարներ  Նշանակելու Ընթացքին  Հաշուի Կ՛առնէ Ոչ Թէ Ազրպէյճանի,  Այլ Հայաստանի Կարծիքը»  Կ՛ըսէ Մուխթարլի

«Ռուսիան Հրամանատարներ Նշանակելու Ընթացքին Հաշուի Կ՛առնէ Ոչ Թէ Ազրպէյճանի, Այլ Հայաստանի Կարծիքը» Կ՛ըսէ Մուխթարլի

Ազրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլին իր դիմատետրեան էջին վրայ դժգոհութիւն յայտնած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու նոր հրամանատարի նշանակման նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական ռազմակայանի նոր հրամանատար նշանակուած է: Հազարապետ-զօրավար Միխայիլ Քոսոպոքովը նախապէս աշխատած է վրացական Աբխազիոյ մէջ «խաղաղութիւն» հաստատելու համար, եւ այդ ժամանակ Ռուսիան ճանչցած էր անջատողական աբխազական վարչակարգի «անկախութիւնը»: «Քոսոպոքովը արդէն հանդիպում ունեցած...

Մուրատով Դրական Կը Գնահատէ Արցախի Մէջ  Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Աշխատանքը

Մուրատով Դրական Կը Գնահատէ Արցախի Մէջ Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմի Աշխատանքը

Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի նախկին հրամանատար զօր. Ռուսթամ Մուրատով դրական գնահատած է ռուս խաղաղապահներու աշխատանքը շրջանին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին ան յայտարարած է Մախաչքալայի մէջ ընթացող համառուսական հայրենասիրական ձեռնարկի մասնակիցներուն հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութիւնը միայն դրական կը գնահատեմ: Գնահատականը մեզի կու տայ խաղաղ բնակչութիւնը. այսօր Ղարաբաղի մէջ կեանքը կ՛ընթանայ բնականոն հունով: Կան, ի...

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Փոխադարձ Կրակոց Տեղի Ունեցած Է

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Փոխադարձ Կրակոց Տեղի Ունեցած Է

Ազրպէյճանի եւ Իրանի սահմանին վրայ փոխադարձ կրակոց տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան եւ Պետական սահմանային ծառայութեան միացեալ յայտարարութեան: Ազրպէյճանական աղբիւրին փոխանցումով` փոխադարձ կրակոցին պատճառով կայ վիրաւոր, սակայն չի նշուիր, թէ ո՛ր կողմէն:

«Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ  Խնդիրները Կը Հակասեն  Երկու Երկիրներու Շահերուն»  Կ՛ըսէ Սի Ծինփին

«Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Խնդիրները Կը Հակասեն Երկու Երկիրներու Շահերուն» Կ՛ըսէ Սի Ծինփին

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի հիմնական շահերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին: Չինաստանի ղեկավարը նշած է, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու` իրարու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելէն «կախեալ է աշխարհի ապագայ ճակատագիրը»: Միեւնոյն ժամանակ...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդ.  «Ուաշինկթըն Սուրիայէն Հեռանալէ  Առաջ Պէտք Է Մեզ Տեղեակ Պահէ»

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդ. «Ուաշինկթըն Սուրիայէն Հեռանալէ Առաջ Պէտք Է Մեզ Տեղեակ Պահէ»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական խորհուրդի ներկայացուցիչ, խորհուրդի անդամ Պասսամ Սաքըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է սուրիացի քիւրտերը զգուշացնեն, եթէ երկրէն հեռանալու որոշում որդեգրեն, ինչպէս նաեւ այդ հեռացումը պէտք է քայլ առ քայլ կատարեն: Սաքըր ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Անոնք (ամերիկացիները) կը յայտնեն, որ պիտի մնան, մինչեւ որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը աւարտեն, սակայն չենք...

«Մոսկուան Ուշադիր Կը Հետեւի Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաշտութեան Պայմանագիրի  Կնքման Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի  Որոշման Խնդիրի Շուրջ Քննարկումներուն»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Մոսկուան Ուշադիր Կը Հետեւի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաշտութեան Պայմանագիրի Կնքման Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Որոշման Խնդիրի Շուրջ Քննարկումներուն» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Արցախին եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, ընդգծեց, որ Մոսկուան ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաշտութեան պայմանագիրի կնքման ու Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրի շուրջ քննարկումներուն: «Ցաւօք, կողմերուն միջեւ կը պահպանուին քաղաքական հարցերուն շուրջ սկզբունքային տարակարծութիւնները, ուստի տուեալ փուլին մէջ առաջնակարգ կը նկատենք 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր կէտերուն...

Ազրպէյճան 2 Միլիառ 700 Միլիոն Տոլար  Պիտի Ծախսէ Պաշտպանութեան  Եւ Անվտանգութեան Վրայ

Ազրպէյճան 2 Միլիառ 700 Միլիոն Տոլար Պիտի Ծախսէ Պաշտպանութեան Եւ Անվտանգութեան Վրայ

Ազրպէյճանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած է Ազրպէյճանի 2022 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած` պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծախսերուն մասին: Ելեւմուտքի նախարարութեան նախատեսումով, 2022 թուականի պիւտճէին համար պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծախսերը պիտի կազմեն 4.499.238.900 մանաթ (շուրջ 2 միլիառ 700 միլիոն տոլար):  

«Թուրքիան Պարտաւոր Է Ամբողջացնել  Փութինի Եւ Էրտողանի` Իտլիպի Վերաբերեալ  Համաձայնութեան Գործադրութիւնը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Թուրքիան Պարտաւոր Է Ամբողջացնել Փութինի Եւ Էրտողանի` Իտլիպի Վերաբերեալ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը` շեշտելով, որ այդ հոլովոյթը պէտք է նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ համապարփակ լուծման իրագործման: «Արեւմտեան անօրինական պատժամիջոցները արգելք կը հանդիսանան սուրիացիներուն` իրենց երկիրի վերակառուցման օգնելու», ըսաւ ան: «Սուրիական տագնապի լուծման մէջ Իսրայէլի անվտանգութիւնը մեր առաջնահերթութիւններէն է», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը: «Տարաան պէտք չէ սուրիական...

«Իսրայէլ Չի Պատրաստուիր Սուրիոյ  Վերադարձնելու Կոլանի  Բարձունքները. Քննարկելու Բան Չկայ»  Կ՛ըսէ Լափիտ

«Իսրայէլ Չի Պատրաստուիր Սուրիոյ Վերադարձնելու Կոլանի Բարձունքները. Քննարկելու Բան Չկայ» Կ՛ըսէ Լափիտ

Իսրայէլ չի բանակցիր Սուրիոյ հետ հաշտութեան համաձայնագիրի շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ: «Ներկայիս Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար: Բանակցելու բան առանձնապէս չկայ: Անվտանգութեան հարցով բանակցութիւններ կան, սակայն Իսրայէլ չի պատրաստուիր Սուրիոյ վերադարձնելու Կոլանի բարձունքները, ուստի...

Ինքզինք «Խաղաղութեան Դեսպան» Կոչող Թուրք  Քրէական Հեղինակութիւնը  Մտադրած Է Այցելել Հայաստան

Ինքզինք «Խաղաղութեան Դեսպան» Կոչող Թուրք Քրէական Հեղինակութիւնը Մտադրած Է Այցելել Հայաստան

Թուրքիոյ յայտնի քրէական հեղինակութիւն Սետաթ Փեքեր յայտարարած է, որ մտադիր է Հայաստան այցելել: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Ընկերնե՛ր, դուք կ՛ըսէք, որ Սետաթ Փեքերը ըրած է այն, ինչ որ ընդդիմութիւնը 20 տարուան ընթացքին չէ կրցած ընել, եւ ես ալ ձեզի կ՛ըսեմ` ժողովուրդին ծառայութիւնս տակաւին չէ աւարտած: Ես կը մեկնիմ Սուրիա` նպաստելու արտաքին քաղաքականութեան:...

Պաքուի Մէջ Ստեղծուած Է Թուրքիոյ Զինեալ  Ուժերու Հրամանատարութեան Յատուկ Խումբ

Պաքուի Մէջ Ստեղծուած Է Թուրքիոյ Զինեալ Ուժերու Հրամանատարութեան Յատուկ Խումբ

Պաքուի մէջ ստեղծուած է յատուկ հրամանատարական խումբ մը, որ Ազրպէյճանի մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով ռազմավարական փորձագէտ Ատալիաթ Վերտիեւը, կը գրեն, որ այդ խումբը կը ներառէ չորս թուրք զօրավարներ: Ատոր զուգահեռ` փոխարինուած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զինուորական կցորդը: Այժմ այս պաշտօնը կը վարէ զօր. Զաքարիա Եալչընը: «Թերթ» կը նշէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը...

Էրտողան Անհրաժեշտ Կը Նկատէ  Թալեպաններու Հետ Փոխադարձ  Գործակցութիւնը

Էրտողան Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Թալեպաններու Հետ Փոխադարձ Գործակցութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ յայտարարած Թալեպան շարժումին հետ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին, որպէսզի չարտօնուի ներգաղթեալներու հոսքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմին: «Նախագահ Էրտողան յայտարարած է Թալեպան շարժումին հետ փոխադարձ գործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին` մարդասիրական օգնութիւն Աֆղանիստան...

Միշել Եւ Փութին Քննարկած Են  Հայաստան – Ազրպէյճան  Յարաբերութիւններու Հարցը

Միշել Եւ Փութին Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Հարցը

Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձած է նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Շարլ Միշել: «Տեսակէտներ փոխանակեցինք հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերեալ. անհրաժեշտ է վստահութեան ամրապնդում եւ երկխօսութիւն», գրած է Միշել: Ան յայտնած է, որ քննարկած են նաեւ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակի հարցը: «Վերահաստատեցի Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը Ուքրանիոյ...

Ղարիպաշվիլի. «Թիֆլիսը Պատրաստ Է Երեւանի  Եւ Պաքուի Միջեւ Միջնորդ Դառնալու»

Ղարիպաշվիլի. «Թիֆլիսը Պատրաստ Է Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Միջնորդ Դառնալու»

Թիֆլիսը պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդի դեր ստանձնելու, ներառեալ գերիներու վերադարձի հարցին մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թիֆլիսի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի: Ան յիշեցուցած է այս տարուան յունիսին Ազրպէյճանի մէջ պահուող 15 հայ գերիներու խումբի Հայաստան վերադառնալու մասին: Զանոնք վերադարձուցած են Վրաստանի տարածքով, այդ վերադարձին...

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Սկսած Են  «Եղբայրական Ջոկատ» Զինուորական  Համագործակցութեան Նոր Միացեալ Նախագիծը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Սկսած Են «Եղբայրական Ջոկատ» Զինուորական Համագործակցութեան Նոր Միացեալ Նախագիծը

Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը սկսած են զինուորական համագործակցութեան նոր միացեալ նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Եղբայրական ջոկատ»: Խօսքը երկու պետութիւններու զինեալ ուժերու միացեալ գործունէութեան կազմակերպման, ուսուցման եւ կառավարման ծրագրաւորման մասին է: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փընար Քարա: Քարա ըսած է, որ ներկայիս Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու համապատասխան ստորաբաժանումները...

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ  Աֆղանիստանի Մէջ Թալեպաններու  Կառավարութեան Նկատմամբ

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Աֆղանիստանի Մէջ Թալեպաններու Կառավարութեան Նկատմամբ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են աֆղանական նոր կառավարութեան մէջ կարեւոր դիրքեր ապահովելու համար Թալեպան շարժումին ընտրած կարգ մը անձերու «պատկանելիութիւններէն ու տուեալներէն»: Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններու կառավարութեան նկատմամբ եւ յայտնեց. «Նաեւ վերստին կը յայտնենք մեր յստակ ակնկալութիւնը, որ Թալեպան շարժումը երաշխաւորէ աֆղանական հողերուն որեւէ այլ երկրի սպառնալու համար...

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Յայտնէ, Որ Քաթարի Կողմէ Թալեպան Շարժումի  Կառավարութեան Ճանաչումը Անմիջապէս Պիտի Չըլլայ

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտնէ, Որ Քաթարի Կողմէ Թալեպան Շարժումի Կառավարութեան Ճանաչումը Անմիջապէս Պիտի Չըլլայ

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Աֆղանական Թալեպան շարժումը գործնապաշտութիւն ցուցաբերեց, եւ պէտք է զայն դատել անոր գործերով` նկատի ունենալով, որ ան Աֆղանիստանի մէջ միակ իշխողն է»: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Լուլուա Խաթեր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նաեւ յայտնեց. «Աֆղան ժողովուրդը եւ ոչ թէ միջազգային ընտանիքը պէտք է որոշէ իր ճակատագիրը, եւ Աֆղանիստանը գերիշխան պետութիւն է, եւ...

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու  Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Թալեպանները Կը Մեղադրէ Միջազգային Ընտանիքի Պահանջները Չկատարելու Յանցանքով

Թալեպան շարժումը, որ Աֆղանիստանի ժամանակաւոր կառավարութեան կազմը յայտարարած է, չի կատարեր այն պահանջները, որոնք նախապէս առաջադրուած էին միջազգային ընտանիքին կողմէ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: «Միջազգային ընտանիքի պահանջները, որոնց մասին Ֆրանսան քանիցս յիշեցուցած է, առաւելագոյնս յստակ են. անվտանգ եւ անարգել մեկնում մարդոց, որոնք կ՛ուզեն հեռանալ Աֆղանիստանէն, մարդասիրական օգնութենէն օգտուելու կարելիութիւն, հրաժարում ահաբեկչական...

11 Սեպտեմբերի Յարձակումներէն 20 Տարի Ետք  Երկու Զոհերու Ինքնութիւնը Ճշդուած Է

11 Սեպտեմբերի Յարձակումներէն 20 Տարի Ետք Երկու Զոհերու Ինքնութիւնը Ճշդուած Է

11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն օրեր առաջ կարելի եղած է Նիւ Եորքի յարձակումներու երկու զոհերու ինքնութիւնը ճշդել ծիներու յայտնաբերման նոր ճարտարագիտութեան շնորհիւ: Նիւ Եորքի մէջ Դատաբժշկական բժշկութեան հիմնարկի նախագահ Պարպարա Սամփսըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հիմնարկի տարրալուծարանները յաջողած են Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնին մէջ զոհուած երկու այլ անձերու ինքնութիւնը ճշդել, եւ այդպիսով ինքնութիւնը յայտնի եղող զոհերուն թիւը կը բարձրանայ 1647-ի:...

Page 319 of 883 1 … 318 319 320 … 883

Արխիւներ