Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն Դամասկոսի հետ սուրիական կառավարութեան հետ իր կատարած բանակցութիւնները որակեց «չափազանց լաւ»` յոյս յայտնելով, որ սահմանադրութեան հարցով յանձնախումբի ժողովները վերսկսին:
«Քննարկեցին Սուրիոյ մէջ տնտեսական մարդասիրական մարտահրաւէրներն ու ապրուստի առնչուած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ այն ջանքերը, որոնք կրնանք թափել այդ կացութեան բարելաւման օժանդակելու համար», աւելցուց Փեթերսոն:
Ան յոյս յայտնեց, որ սահմանադրութեան յանձնախումբի աշխատանքը կրնայ յառաջ ընթանալ` աւելցնելով, որ կարելի է յանձնախումբի բանակցութիւններու «վեցերորդ փուլ մը հրաւիրել»:
Նշենք, որ սեպտեմբեր 2019-ին կազմուած սահմանադրական յանձնախումբի սեղմ խմբակը կազմուած է 45 անդամներէ, որոնք հաւասարապէս կը ներկայացնեն սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը: