Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ծերակոյտին, մասնաւորաբար հանրապետականներուն առջեւ պաշտպանեց Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը, որ նկատուեցաւ «պատմական աղէտ» եւ «առանց նախապայմանի անձնատուութիւն»:
Պլինքըն առաջին ամերիկացի պաշտօնատարն է, որ Քոնկրեսին ներկայացաւ ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք:
Ան պատասխանեց ուժերու հեռացման բաւարար չափով պատրաստուած չըլլալու մեղադրանքներուն, որոնք հնչեցին նաեւ դեմոկրատականներու կողմէ, եւ հակադարձեց նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը ստեղծուած կացութեան մեծագոյն պատասխանատուն նկատելով:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ լսումի նիստի ընթացքին ան յայտնեց. «Ժամկէտ ժառանգեցինք, սակայն ծրագիր չժառանգեցինք»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տուն մուտք գործելէ ետք «պատերազմին վերջ տալու կամ մագլցումի դիմելուն» այլընտրանք չունէր:
«Գոյութիւն չունի փաստ, որ աւելի երկար մնալը աֆղանական ապահովական ուժերը կամ աֆղանական կառավարութիւնը աւելի ճկուն կամ ինքնաբաւ պիտի դարձնէր: Եթէ քսան տարին ու հարիւր միլիառաւոր տոլարի աջակցութիւնը, սարքերն ու մարզումները բաւարար չէին, ապա ինչպէ՞ս յաւելեալ մէկ տարին, հինգ կամ տասը տարիները տարբերութիւն պիտի ընէին»: