Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անակնկալ այցելութեամբ Մոսկուա հասած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ժողով մը գումարած է:
Քրեմլին հաղորդեց, որ Փութին շեշտած է. «Սուրիական կառավարութիւնը Սուրիոյ տարածքի աւելի քան 90 առ հարիւրը առաւ իր վերահսկողութեան տակ, եւ Սուրիոյ խնդիրը ապօրինի օտար ուժերն են, որոնք արգելք կը հանդիսանան երկրի միաւորման»: