Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն, որ Սէուտական Արաբիա իր այցելութիւնը յետաձգեց, կը յուսայ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հանդիպում ունենալ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ այցելութիւնը «տեղի չունեցաւ, ինչպէս հասկցանք, սէուտական կողմին մօտ օրակարգին վերաբերեալ որոշ հարցերու պատճառով»` աւելցնելով, որ Օսթըն կը փափաքի հանդիպում ունենալ պըն Սալման իշխանին հետ:
«Սէուտական Արաբիոյ հետ պաշտպանական ուժեղ գործընկերութիւն ունինք… եւ մենք կը նախատեսենք, որ օրակարգը վերաբանաձեւելու առիթ ըլլայ», յայտնեց Քըրպի:
«Այցելութիւնը յետաձգուեցաւ եւ բնաւ չջնջուեցաւ», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը: