Այցելութեամբ Անգարա գտնուող Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ հանդիպում ունեցած է թրքական բանակի սպայակոյտի պետ, բանակի զօրավար Եաշշար Կիւլի հետ:
Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի կատարել ազրպէյճանական պատուիրակութեան շարք մը հանդիպումներ` Թուրքիոյ զինուորական ղեկավարութեան հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին զինուորական, սպառազինական, զինուորական կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հարցեր:
Այցելութիւնը պիտի աւարտի այսօր:



