Հիւսիսային Քորէան չորեքշաբթի օր երկու թեւաւոր հրթիռ արձակած է դէպի Ճափոնական ծով: «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Հարաւային Քորէայի զինեալ ուժերու սպայակոյտերու ղեկավարներու միացեալ յանձնախումբէն:
Հիւսիսային Քորէայի կեդրոնական շրջանէն արձակուած հրթիռներու տեսակը տակաւին յայտնի չէ. հարաւային քորէական եւ ամերիկեան հետախուզութիւններու ղեկավարները ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար:
«Մեր զինեալ ուժերը պատրաստակամ են սերտօրէն համագործակցելու Միացեալ Նահանգներուն հետ», յայտնած են քորէական յանձնախումբէն:
Նշենք, որ երկու օր առաջ Փիոնկիանկ յայտնած էր, որ արձակած է նոր հեռահար թեւաւոր հրթիռ մը, որ կը նկարագրուէր իբրեւ «մեծ նշանակութեան ռազմավարական զէնք»:



