Միջազգային

Խամենէիի Ներկայացուցիչը  Լքած Է Ազրպէյճանը

Խամենէիի Ներկայացուցիչը Լքած Է Ազրպէյճանը

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ Ալի Աքպար Օժագնեժատը լքած է երկիրը եւ կը գտնուի Թեհրան: «Պի.Պի.Սի.»-ին այս մասին յայտնած են Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն` միաժամանակ նշելով, որ «մզկիթն ու գրասենեակը առանձին մուտքեր ու ելքեր ունին»: Նշեալ գրասենեակը 5 հոկտեմբերին ոստիկանական ստուգումէ ետք փակուած էր: Ըստ Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան, գրասենեակը կը գտնուի Հուսէյնիա մզկիթի շէնքին...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Այցելելու Երեւան Եւ Պաքու

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Այցելելու Երեւան Եւ Պաքու

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան հաւանաբար այցելէ Երեւան եւ Պաքու` իբրեւ բարի դրացիական ժեսթ: Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է «Ռոսիա-24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին մէջ: Ապտոլլահեանի համաձայն, դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Իրանի նոր կառավարութեան ընդհանուր առաջնահերթութիւններէն է: «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը մեր լաւ դրացիներն են, եւ մենք չենք կրնար անոնցմէ ոեւէ մէկուն հետ աշխատիլ միւսին...

Թուրքիան Իր Բոլոր Անցակէտերը Փակած Է  Իրանեան Բեռնակառքերուն Դիմաց

Թուրքիան Իր Բոլոր Անցակէտերը Փակած Է Իրանեան Բեռնակառքերուն Դիմաց

Թուրքիան իր բոլոր անցակէտերը փակած է իրանեան բեռնակառքերուն դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Իրանի հետ առեւտուրի զարգացման ընկերակցութեան ղեկավար Էօզճան Ալաշին: «Սահմանային անցակէտերը իրանեան բեռնատարներու դիմաց փակելու` Թուրքիոյ որոշումը յաջորդած է թրքական բեռնատարներու` Իրան մուտքը արգիլելուն», ըսած է Ալաշ: Ան յայտնած է, որ այս ձեւով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է Իրանի եւ Ազրպէյճանի...

Ազրպէյճանի Օդանաւային Ընկերութիւնը Սկսած Է Օգտագործել Հայաստանի Օդային Տարածքը

Ազրպէյճանի Օդանաւային Ընկերութիւնը Սկսած Է Օգտագործել Հայաստանի Օդային Տարածքը

Ազրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնը (ԱԶԱԼ) սկսած է օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով օդանաւային ընկերութեան: «Ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնը Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու ներքին թռիչքը կատարելու ընթացքին 6 հոկտեմբերէն սկսած է օգտագործել Հայաստանի օդային տարածքը: Այս քայլը ցոյց կու տայ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման Ազրպէյճանի վճռական պատրաստակամութիւնը, ինչ որ կը համապատասխանէ բոլոր սահմանամերձ երկիրներու շահերուն», նշուած է...

Ալիեւ Ընդունած Է Եւրոպական  Միութեան Միջնորդութիւնը

Ալիեւ Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Միջնորդութիւնը

Ազրպէյճան պատրաստ է բանակցութիւններու սկսելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, հաւանական կը նկատէ Եւրոպական Միութեան` այս հոլովոյթին գործօն մասնակցութիւնը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական Միութեան նոր դեսպան Փիոթր Միխալքոյի հաւատարմագիրները ընդունած ատեն ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Այժմ գլխաւոր հարցը յետպատերազմեան շրջանն է, շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը: Մենք կ՛ուզենք շրջել այս էջը, ասիկա մեր քաղաքականութիւնն է:...

Իրան Շրջանի Քարտէսին  Փոփոխութիւնը Պիտի Չընդունի.  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Կովկասի Մէջ «3+3» Ձեւաչափի Հարցը

Իրան Շրջանի Քարտէսին Փոփոխութիւնը Պիտի Չընդունի. Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Կովկասի Մէջ «3+3» Ձեւաչափի Հարցը

Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն մէջ այլ հարցերու կողքին քննարկուած է «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը: Այս մասին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Լաւրով ընդգծած է, որ ինքնին Ռուսիան նպաստած է մէկ տարի առաջ պատերազմի դադրեցման եւ Ազրպէյճանի նախագահին ու Հայաստանի...

«Իտլիպի Մէջ Որեւէ Լարուածութիւն  Գաղթականներու Նոր Հոսքի Պատճառ Պիտի Դառնայ»  Կ՛ըսէ Չելիք

«Իտլիպի Մէջ Որեւէ Լարուածութիւն Գաղթականներու Նոր Հոսքի Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Չելիք

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Իտլիպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ մնայուն կերպով խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման: «Իտլիպի մէջ, ուր շուրջ 4 միլիոն մարդ շատ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի, որեւէ լարուածութիւն գաղթականներու նոր հոսքի եւ մարդկային նոր տառապանքի պիտի առաջնորդէ: Կը շարունակենք բոլոր մանրամասնութիւններուն հետեւիլ, որպէսզի ատիկա տեղի...

Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ  Քննարկած Է Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտթի հետ քննարկած է Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին Չաւուշօղլու գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը քննարկած են նաեւ Աֆղանիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնները:  

Պաքուի Մէջ Փակուած Է Իրանի Գերագոյն  Հոգեւոր Պետ Խամենէիի  Ներկայացուցիչին Գրասենեակը

Պաքուի Մէջ Փակուած Է Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետ Խամենէիի Ներկայացուցիչին Գրասենեակը

Ազրպէյճանի մէջ փակուած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ Օճաք Նեժաթի գրասենեակը: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Երէկ ոստիկանութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ ստուգումներ կատարուած են Հուսէյնիա թաղամասին մէջ գտնուող մզկիթին մէջ, ուր կը գտնուի գրասենեակը, եւ պաշտամունքի վայրը փակուած է: Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ի յայտ եկած է,...

Իրան Փակած Է Իր Օդային Տարածքը  Ազրպէյճանական Պատերազմական Օդանաւերու Դիմաց

Իրան Փակած Է Իր Օդային Տարածքը Ազրպէյճանական Պատերազմական Օդանաւերու Դիմաց

Իրանէն պաշտօնական ճամբով Ազրպէյճանին յայտնած են, որ ազրպէյճանական պատերազմական օդանաւերու Իրանի օդային տարածքով թռիչքները արգիլուած են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները եւ կ՛աւելցնեն, որ Ազրպէյճանը Նախիջեւանի առանձին բանակի մատակարարումները կը կատարէ հիմնականին մէջ Իրանի օդային տարածքով: Պաքուն Թեհրանի այս քայլը որակած է իբրեւ Ազրպէյճանի նկատմամբ դաւաճանութիւն, որ որդեգրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դրդումով: Ազրպէյճանական...

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աջակցելու Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հաշտեցման Հոլովոյթին»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

«Ուաշինկթըն Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խնդիրներու Լուծման» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծման: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով ըսած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիթցընպըրկըրը: «Բոլորին յստակ է, որ մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ կան: Ատիկա երկարատեւ հոլովոյթ պիտի ըլլայ եւ միացեալ աշխատանք ու հանդիպումներ պիտի պահանջէ` լուծելու համար այդ հարցերը», ըսած է դիւանագէտը: Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն «Կը փնտռէ...

Թիֆլիսի Մէջ Սկսած Են Ազրպէյճանի,  Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Ռազմափորձերը

Թիֆլիսի Մէջ Սկսած Են Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Վրաստանի Ռազմափորձերը

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ սկսած են «Իթըռնիթի-2021» համակարգչային աջակցութեամբ կատարուող հրամանատարական ու սպայակոյտային ռազմափորձերը` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի զինուորներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մինվալ»-ը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան: Ռազմափորձերու ընթացքին, որոնք բաղկացած են տեսական եւ գործնական հատուածներէ, երեք երկիրներու զինուորները առաջադրանքներ կը կատարեն` ուղղուած շրջանային տնտեսական նախագիծերու պաշտպանութեան կազմակերպման: Ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ 8 հոկտեմբեր:

«Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը  Մեզի Համար Անընդունելի Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Մեզի Համար Անընդունելի Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Իրանի պատկերասփիւռի առաջին կայանի «Առաջին հայեացք» հաղորդման ժամանակ անդրադարձած է Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան` շեշտելով, որ Իրանի համար անընդունելի է շրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ը: Անդրադառնալով Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ` ահաբեկչական խմբաւորումներու Ազրպէյճանի մէջ ներկայութեան, իրանեան դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Վերջին պատերազմի ընթացքին ահաբեկչական խմբաւորումները տեղափոխուեցան...

Պաքու Անդրադարձած Է Իրան-Ազրպէյճան  Սահմանին Վերաբերեալ Թեհրանի  Յայտարարութիւններուն

Պաքու Անդրադարձած Է Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վերաբերեալ Թեհրանի Յայտարարութիւններուն

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն որակած է իրանեան կողմի յայտարարութիւնները, թէ Իրան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ երրորդ ուժեր տեղակայուած են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա` մեկնաբանելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած էր, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ սիոնական վարչակարգի` Իսրայէլի ներկայութիւնն...

Եգիպտոս Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն  Մէջ Յառաջընթացի Գոյութիւնը Կը Նշէ

Եգիպտոս Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Գոյութիւնը Կը Նշէ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարած է, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց կը նկատուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը: «Յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը տակաւին չէ հասած յաջորդ մակարդակին, սակայն կայ որոշակի յառաջընթաց, որ յոյսով ենք` պիտի զարգացնենք», ըսած է Շուքրի: Ան նշած է, որ հետագայ յառաջընթացը կախեալ պիտի ըլլայ այն բանէն, թէ որքանո՛վ երկու երկիրները պիտի պահպանեն...

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Ֆրանսայի  Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց  Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներն ու անոնց ուղղութեամբ թափուող ջանքերը: Սէուտական կողմէն հանդիպումին մասնակցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին...

Դիմատետրը (Facebook) Պաշտօնապէս  Ներում Կը Հայցէ Ամբողջ Աշխարհէն

Դիմատետրը (Facebook) Պաշտօնապէս Ներում Կը Հայցէ Ամբողջ Աշխարհէն

Դիմատետրի Facebook ընկերութիւնը պաշտօնապէս ներում կը հայցէ ամբողջ աշխարհին մէջ ընկերային ցանցերու աշխատանքներուն մէջ արձանագրուած խափանումներուն պատճառով: Ներողութեան յայտարարութիւնը հրապարակուած է ընկերութեան թուիթըրեան էջին վրայ: «Մենք գիտենք, որ որոշ մարդիկ խնդիրներ ունին մեր ծրագիրներու եւ արտադրանքի հասանելիութեան հետ: Մենք կ՛աշխատինք, որ ըստ կարելւոյն արագ վերադարձնենք ամէն ինչ բնականոն հունին եւ ներում կը հայցենք որեւէ անյարմարութեան համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:...

Փանտորայի Փաստաթուղթերու Գաղտնիքը.  Ալիեւները 400 Միլիոն Սթերլինկ Արժողութեամբ  Բրիտանական Անշարժ Գոյք Վաճառած Են

Փանտորայի Փաստաթուղթերու Գաղտնիքը. Ալիեւները 400 Միլիոն Սթերլինկ Արժողութեամբ Բրիտանական Անշարժ Գոյք Վաճառած Են

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքը վերջին տարիներուն շուրջ 400 միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ բրիտանական անշարժ գոյք վաճառած է: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով «Փանտորայի փաստաթուղթեր»-ուն: «Փաստաթուղթերը… ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխող Ալիեւներու ընտանիքը վերջին տարիներուն շուրջ 400 միլիոն սթերլինկ արժողութեամբ բրիտանական անշարժ գոյք վաճառած է», կը գրէ օրաթերթը` աւելցնելով. «Անոնցմէ մէկը վաճառուած է բրիտանական արքունիքին»:...

«Բրիտանիոյ Մէջ Պենզինի Պակասը  Կրնայ Մինչեւ Ս. Ծնունդ Շարունակուիլ»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Բրիտանիոյ Մէջ Պենզինի Պակասը Կրնայ Մինչեւ Ս. Ծնունդ Շարունակուիլ» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հաւանական նկատեց, որ երկրին մէջ պենզինի տագնապը շարունակուի մինչեւ Ս. Ծնունդ, նախատեսութիւն մը, որուն համաձայն են բազմաթիւ վերլուծաբաններ: Ճոնսըն «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն ինչ որ ներկայ պահուս ունինք, փոխադրակառքի վարորդներու պակասն է, եւ փոխադրակառքի վարորդներու պակասը ամբողջ աշխարհին կ՛ազդէ, նոյնիսկ Չինաստանի մէջ փոխադրակառքի վարորդներու պակաս կայ, պակաս կայ նաեւ Ամերիկայի եւ Լեհաստանի մէջ»: «Երբ...

Ազրպէյճանն Ու Պիելոռուսիան Պաքուի Մէջ  Քննարկած Են Զինուորական  Համագործակցութեան Հարցեր

Ազրպէյճանն Ու Պիելոռուսիան Պաքուի Մէջ Քննարկած Են Զինուորական Համագործակցութեան Հարցեր

Ազրպէյճանն ու Պիելոռուսիան քննարկած են հրթիռահրետանային զօրքերու զինուորական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Հրթիռահրետանային զօրքերու զարգացման վերաբերեալ քննարկումներ տեղի ունեցած են Պաքուի մէջ պիելոռուսական պատուիրակութեան հետ աշխատանքային հանդիպումի ժամանակ: Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է այս ոլորտին մէջ զինուորական եւ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան, ատոր ընդլայնման եւ փորձառութեան փոխանակման վերաբերեալ միտքերու փոխանակում: Ազրպէյճան այցելութեան ծիրին մէջ Պիելոռուսիոյ պատուիրակութիւնը...

Page 312 of 883 1 … 311 312 313 … 883

Արխիւներ