10 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Սուրիոյ Նախագահ-Յորդանանի Թագաւոր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հեռաձայնեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին: Յորդանանեան արքունիքը հաղորդեց, որ հաղորդակցութիւնը 2011-ին Սուրիոյ մէջ պատերազմին սկսելէն ի վեր երկու ղեկավարներուն միջեւ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն է: Յորդանանեան արքունիքը աւելցուց, որ երկու ղեկավարները քննարկած են «եղբայրական երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու անոնց միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները»: Յորդանանի թագաւորը «Յորդանանի աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ գերիշխանութեան, կայունութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդին...



















