Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իտլիպի Մէջ Որեւէ Լարուածութիւն Գաղթականներու Նոր Հոսքի Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Չելիք

October 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Իտլիպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ մնայուն կերպով խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման:

«Իտլիպի մէջ, ուր շուրջ 4 միլիոն մարդ շատ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի, որեւէ լարուածութիւն գաղթականներու նոր հոսքի եւ մարդկային նոր տառապանքի պիտի առաջնորդէ: Կը շարունակենք բոլոր մանրամասնութիւններուն հետեւիլ, որպէսզի ատիկա տեղի չունենայ», շեշտեց Չելիք:

Ան կուսակցութեան կեդրոնական մարմինի ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին աւելցուց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 29 սեպտեմբերին Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը այս առումով կարեւոր է»:

«Սուրիոյ մէջ մնայուն խաղաղութիւն երաշխաւորելու համար պէտք է քաղաքական լուծումի հասնիլ», ըսաւ ան:

Չելիք յայտնեց, որ իր երկիրը մօտէն կը հետեւի եւ կ՛արժեւորէ Սուրիոյ սահմանադրական յանձնախումբի աշխատանքը` աւելցնելով, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարժումները եւ տարբեր երկիրներու կողմէ անոնց տրամադրուած աջակցութիւն»-ը իր երկրին օրակարգին վրայ գտնուող մէկ այլ հարց է:

Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան բանբերը նաեւ նշեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Թուրքիոյ վրայ յարձակում կը գործէ իր երկրին գաղութատիրական ժառանգութեան հետ առերեսուելէ փախուստ տալու համար»:

«Ալճերիան Ֆրանսայէն կը պահանջէ առերեսուիլ իր գաղութատիրական անցեալին հետ, սակայն Մաքրոն ատոր փոխարէն Օսմանեան կայսրութիւնը մատնանշելով Թուրքիոյ ամբաստանութիւններ կ՛ուղղէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մաքրոնի յայտարարութիւնները կարելի չէ լուրջի առնել, եւ անոնք պէտք չէ պետութեան մը նախագահին կողմէ կատարուին»:

«Եթէ որոշ պետութեան մասին կ՛ուզէք յայտարարութիւն կատարել, ինչո՞ւ Թուրքիոյ, մեր վսեմաշուք նախագահին ու Օսմանեան պետութեան անունները այդ հարցին մէջ կը ներառէք», հարց տուաւ Չելիք:

«Մաքրոն Թուրքիան, անոր պատմութիւնը, նախագահը եւ Օսմանեան պետութիւնը կը թիրախաւորէ Ֆրանսայի գաղութատիրական ժառանգութեան հետ առերեսուելէ խուսափելու համար», շեշտեց Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան բանբերը եւ Մաքրոնին կոչ ուղղեց` «յայտարարութիւն կատարելու ընթացքին աւելի զգուշ ըլլալու, այլապէս պիտի շարունակենք անոնց պատասխանել»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Վարնկաթաղի Հերոսներու Գործը Պիտի Շարունակուի»

Յաջորդը

Իրան Շրջանի Քարտէսին Փոփոխութիւնը Պիտի Չընդունի. Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Կովկասի Մէջ «3+3» Ձեւաչափի Հարցը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.