Ազրպէյճանի մէջ փակուած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ Օճաք Նեժաթի գրասենեակը: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Երէկ ոստիկանութեան աշխատակիցներու մասնակցութեամբ ստուգումներ կատարուած են Հուսէյնիա թաղամասին մէջ գտնուող մզկիթին մէջ, ուր կը գտնուի գրասենեակը, եւ պաշտամունքի վայրը փակուած է:
Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ ի յայտ եկած է, որ վերջին օրերուն քաղաքի որոշ շրջաններուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը մեծցած է: Անոր համաձայն, այդ վայրերէն մէկը տուեալ մզկիթն է: Այդ իսկ պատճառով մզկիթը փակուած է:



