Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ:
Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներն ու անոնց ուղղութեամբ թափուող ջանքերը:
Սէուտական կողմէն հանդիպումին մասնակցած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլան եւ պետական նախարար Մուսաէտ պըն Մոհամետ Այպանը:
Ֆրանսական կողմէն հանդիպումին մասնակցած են Սէուտական Արաբիոյ մէջ ֆրանսական դեսպանատան գործավարի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռեճիսը եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն շարք մը պաշտօնատարներ:



