Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծման: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով ըսած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիթցընպըրկըրը:
«Բոլորին յստակ է, որ մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ կան: Ատիկա երկարատեւ հոլովոյթ պիտի ըլլայ եւ միացեալ աշխատանք ու հանդիպումներ պիտի պահանջէ` լուծելու համար այդ հարցերը», ըսած է դիւանագէտը:
Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն «Կը փնտռէ որեւէ կարելիութիւն»` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրներու լուծման համար:
Իբրեւ օրինակ դեսպանը նշած է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած հանդիպումները:



