Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Շրջանային Հարցեր Քննարկած Են
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպումի ընթացքին շրջանային հարցեր քննարկած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի որոշ հարցերու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան վերաբերեալ:




















