Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Օդանաւային Ընկերութիւնը Սկսած Է Օգտագործել Հայաստանի Օդային Տարածքը

Հոկտեմբեր 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի օդանաւային ընկերութիւնը (ԱԶԱԼ) սկսած է օգտագործել Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով օդանաւային ընկերութեան:

«Ազրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւնը Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու ներքին թռիչքը կատարելու ընթացքին 6 հոկտեմբերէն սկսած է օգտագործել Հայաստանի օդային տարածքը: Այս քայլը ցոյց կու տայ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման Ազրպէյճանի վճռական պատրաստակամութիւնը, ինչ որ կը համապատասխանէ բոլոր սահմանամերձ երկիրներու շահերուն», նշուած է ընկերութեան երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ Պաքու-Նախիջեւան-Պաքու թռիչքի երթուղիի փոփոխութիւնը պիտի յանգեցնէ այդ ուղղութեամբ թռիչքի ժամանակի կրճատման, ինչպէս նաեւ թռիչքի ժամանակ վառելանիւթի ծախսի նուազման:

«Այսպիսով, ԱԶԱԼ-ը այս թռիչքը կատարելու ընթացքին կրնայ օգտագործել գոյութիւն ունեցող բոլոր օդային միջանցքները, ներառեալ Հայաստանի եւ Իրանի տարածքէն անցնողները», շեշտած է օդանաւային ընկերութիւնը:

«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը 4 սեպտեմբերին Գանձակ-Նախիջեւան թռիչքի ընթացքին օգտագործած էր Հայաստանի տարածքը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները գրած էին, որ ասիկա վերջին 30 տարուան ընթացքին առաջին նման թռիչքն է:

Հայաստանի Քաղաքային թռիչքներու կոմիտէն 28 սեպտեմբերին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածքով Թրքական օդանաւային ընկերութեան կողմէ Գանձակ-Նախիջեւան թռիչքները կրած են եւ կը կրեն մնայուն բնոյթ:

 

Նախորդը

Ալիեւ Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Միջնորդութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Ֆութպոլի 19 Տարեկանէն Վար Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?