Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոս Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Գոյութիւնը Կը Նշէ

October 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարած է, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթաց կը նկատուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը:

«Յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը տակաւին չէ հասած յաջորդ մակարդակին, սակայն կայ որոշակի յառաջընթաց, որ յոյսով ենք` պիտի զարգացնենք», ըսած է Շուքրի:

Ան նշած է, որ հետագայ յառաջընթացը կախեալ պիտի ըլլայ այն բանէն, թէ որքանո՛վ երկու երկիրները պիտի պահպանեն «երկկողմանի յարաբերութիւնները կարգաւորող կանոնները, իւրաքանչիւր կողմի պարտաւորութիւնները` չմիջամտելու միւս կողմի ներքին գործերուն, յարգել եւ ճանչնալ պետական գերիշխանութեան սկզբունքը»:

«Մենք դուռ պիտի բանանք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու հետագայ յառաջընթացին համար, երբ գոհ ըլլանք մեր միջեւ վիճելի հարցերու լուծումներէն», ըսած է ան:

8 սեպտեմբերին երկու երկիրներու դիւանագէտները Անգարայի մէջ կատարեցին նախնական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը` Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերու ծիրին մէջ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ երկու կողմերը «համաձայնած են շարունակել այս խորհրդակցութիւնները` վերահաստատելով քննարկուած ոլորտներուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու իրենց ցանկութիւնը եւ իրենց յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստող հետագայ քայլերու անհրաժեշտութիւնը»:

Եգիպտոսի հրաւէրով մայիսին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած էր նախնական բանակցութիւններու առաջին փուլը, որուն աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ կողմերը բանակցութիւնները որակած էին «անկեղծ եւ մանրակրկիտ»:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկեց Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները

Յաջորդը

Պաքու Անդրադարձած Է Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վերաբերեալ Թեհրանի Յայտարարութիւններուն

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են  Ուքրանական Հակամարտութիւնը»
Միջազգային

Ուշաքով. «Փութինն Ու Թրամփը Քննարկած Են Ուքրանական Հակամարտութիւնը»

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.