Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Իր Բոլոր Անցակէտերը Փակած Է Իրանեան Բեռնակառքերուն Դիմաց

October 8, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան իր բոլոր անցակէտերը փակած է իրանեան բեռնակառքերուն դիմաց: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Իրանի հետ առեւտուրի զարգացման ընկերակցութեան ղեկավար Էօզճան Ալաշին:

«Սահմանային անցակէտերը իրանեան բեռնատարներու դիմաց փակելու` Թուրքիոյ որոշումը յաջորդած է թրքական բեռնատարներու` Իրան մուտքը արգիլելուն», ըսած է Ալաշ:

Ան յայտնած է, որ այս ձեւով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուած է Իրանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին լարուած կացութեան պատճառով:

Անոր համաձայն, կացութիւնը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ:

Միւս կողմ, այսօր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու գլխաւորած պատուիրակութիւններուն միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու»-ն:

Հանդիպումի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ միտքերու փոխանակում երկկողմանի յարաբերութիւններու վիճակին եւ հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներուն վերաբերեալ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին եւ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ հանդիպում ունեցած են Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով օգնական Ալի Ասղար Հաժիի հետ:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին մանրամասն քննարկում կատարուած է Սուրիոյ եւ անոր մերձակայ շրջանին մէջ ներկայ կացութեան եւ քաղաքական հոլովոյթը յառաջ մղելու մեքանիզմին մասին:

Վերշինին նաեւ անդրադարձած է շրջանային օրակարգի վրայ գտնուող եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ուշադրութեան կեդրոն եղող արդիական հարցեր` կեդրոնանալով Աֆղանիստանի եւ Եմէնի մէջ կացութեան կայունացման եւ կարգաւորման վրայ:

Նախորդը

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Բողոքի Ցոյցը` Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Այցելելու Երեւան Եւ Պաքու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.