Պահրէյն Ահաբեկչական Գործողութիւններ Ձախողութեան Մատնելն Ու Իրանեան Զէնքեր Եւ Ռումբեր Գրաւելը Յայտարարեց
Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ձերբակալած է ահաբեկչական տարրեր, որոնք ձեռնարկած էին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը թիրախաւորող ահաբեկչական գործողութիւններու ծրագրման ու պատրաստութեան: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ «Իրանի մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու» առնչակից այդ տարրերուն մօտ յայտնաբերած ու գրաւած է իրանեան զէնքեր եւ ռումբեր:




















