Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ: Ասիկա Չաւուշօղլուի առաջին այցելութիւնն էր Թեհրան` Ապտոլլահեանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելէն ետք:
Ապտոլլահեան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պատմական են: Մենք աշխատանք կը տանինք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Ան թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու երկարատեւ ճամբու քարտէսի շուրջ դիւանագիտական բանակցութիւններու ձեռնարկման վերաբերեալ համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց եւ աւելցուց. «Կը յուսանք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Թեհրան այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ ճամբու քարտէս կը ստորագրուի»:
«Քննարկեցինք Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ միացեալ ներդրումի, տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցերն ու հիւպատոսական հարցեր, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի մէջ արձանագրուած զարգացումները, եւ համաձայնութիւն գոյացուցինք արեւմտեան Ասիոյ մէջ կայունութեան ամրապնդման շուրջ», ըսաւ ան:
«Մենք կը փորձենք պահպանել Թուրքիոյ հետ մեր առեւտրական յարաբերութիւնները, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին», յայտնեց Ապտոլլահեան:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան թղթածրարին, իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը «մտահոգ» է մասնաւորաբար Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութենէն ետք «Լիբանանի մէջ կարգ մը արաբական դեսպանատուներու վարմունք»-էն:
Չաւուշօղլու Ապտոլլահեանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրաքի մէջ կատարուած յարձակումները անընդունելի են, եւ Թուրքիան ու Իրանը կրնան աշխատանք տանիլ Իրաքի խնդիրներուն լուծումներ գտնելու»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Թուրքիան Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ կացութեան զարգացումներուն վերաբերեալ Իրանի հետ համակարգում կը կատարէ»: Ան աւելցուց. «Անմիջական կարիք կայ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու, որպէսզի շրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնի»:
Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ նախապէս յայտնած էր, որ նախարարներու հանդիպման օրակարգին վրայ պիտի ըլլան սահմանային խնդիրները, ինչպէս նաեւ միասնաբար օգտագործուող ջրային հարստութիւններու կառավարման առնչուող հարցեր:
Ան յայտնեց, որ Տիգրիսի վրայ ամբարտակ կառուցելու Թուրքիոյ քայլը պէտք է համահունչ ըլլայ ջուրերու կառավարման միջազգային գործելաոճին եւ յարգէ մարդկային ու կենսոլորտային ոլորտները եւ մնացեալ երկիրներու ջուրի իրաւունքները:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդականներէն Իլնուր Շաֆիք յայտնեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի երկիրներուն հետ գործակցութեամբ` նշելով. «Արաբական պետութիւններուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ բարելաւում կ՛արձանագրեն»: Ան ողջունեց «Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի բացումը»:
«Թուրքիան չունի օսմանեան օրակարգ մը, որ կը ջանայ իրագործել, եւ ան որ այդպէս կը կարծէ, կը սխալի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսլամ եղբայրներուն մէջ աջակցութեան նկատմամբ սխալ հասկացողութիւն կայ»:
«Մեր շրջանային շրջապատը մեզի կը ստիպէ Իրանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի հետ գործակցիլ», յայտնեց Էրտողանի խորհրդականը: Անոր կարծիքով` «արաբական կարգ մը երկիրներու հետ նախապէս արձանագրուած տարակարծութիւնները սխալ հասկացողութեան պատճառով ստեղծուեցան»:
«Մենք Պատրաստ Ենք Իրանի Հետ Համագործակցելու «3+3» Ձեւաչափի Ծիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ Թեհրանն ու Անգարան պէտք է արագօրէն վերցնեն բոլոր հաւանական խոչընդոտները, որոնք գոյութիւն ունին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իրանցի նախարարը ըսած է թուրք պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով շրջանային հարցերու շուրջ գործակցութեան, ըսած է. «Մենք քննարկած ենք նաեւ տարբեր հարցեր, որոնք կ՛առնչուին անօրինական գաղթի, մաքսանենգութեան ու սահմանային խնդիրներուն: Ներկայիս երկու երկիրները կը համագործակցին ո՛չ միայն երկկողմանի հարցերու շուրջ, այլ նաեւ շրջանային, ինչպէս օրինակ` Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կայունութեան հարցով, եւ մենք պատրաստ ենք Իրանի հետ համագործակցելու «3+3» ձեւաչափի ծիրին մէջ»: