Իսրայէլեան «Քան» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիայէն անձնական օդանաւ մը Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ էջք կատարելէ ետք հասած է Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայան:
Կայանը ընկերային ցանցի վրայ յայտարարութիւն հրապարակելով նշեց. «Կարելի չէ բացատրել, բան մը կը պատահի, անձնական օդանաւ մը (Սի.Էս-Սի.Էյչ.Ի.) գիշերը Սէուտական Արաբիայէն հասաւ «Պեն Կորիոն» օդակայան` դիւանագիտական նկատառումով Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կանգ առնելէ ետք»: