Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կը յայտնէ. «Գնահատականները ցոյց կու տան Իրանի մէջ հարստացուած իւրանիոմի պահեստի աճը»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
«Իրան կը շարունակէ ոտնահարել 2015-ին կնքուած հիւլէական համաձայնութեան շարք մը գլխաւոր սահմանափակումները», շեշտեց գործակալութիւնը` նշելով. «Գործակալութեան նախագահը մտահոգ է գործակալութեան հետաքննիչներուն Իրանի մէջ ապահովական պատասխանատուներու կողմէ խուզարկութեան ենթարկուելով»:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը նաեւ հերքեց, որ իր տեղադրած տեսախցիկները օգտագործուած են իրանեան հիւլէական կեդրոններու վրայ յարձակում գործելու համար` նշելով. «Հարստացուած իւրանիոմի պահեստը վերջին մանրամասն զեկուցումէն ի վեր աճած է շուրջ 50 առ հարիւրով»:
«Իրանի հարստացուած իւրանիոմի պահեստը աւելցած է շուրջ 2490 քիլոկրամով», յայտարարեց գործակալութիւնը` նշելով. «Իրան կը մօտենայ հիւլէական զէնք արտադրելու համար պէտք եղած մակարդակին»: