Ֆրանսան երէկ սկսաւ ծովուժի «ՓՈԼԱՐԻՍ 21» լայնածաւալ ռազմափորձերուն, որոնք պիտի կատարուին Միջերկրական ծովուն արեւմտեան մասին մէջ եւ Ֆրանսայի Ատլանտեան ափին:
«Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Ֆրանսայի ծովուժը: Ըստ գոյութիւն ունեցող տուեալներուն, ռազմափորձերուն, որոնք կը տեւեն մինչեւ 3 դեկտեմբեր, պիտի գործարկուի ֆրանսական ծովուժի նաւատորմիղի բոլոր նաւերու գործնականին մէջ կէսը, ներառեալ` օդանաւակիրային հարուածային խումբը` «Շարլ տը Կոլ» հիւլէական օդանաւակիրի գլխաւորութեամբ, «Միսթրալ» դասի «Թոներ» մեծ նաւը, հրթիռային յածանաւեր եւ հիւլէական սուզանաւեր:
«Վարժանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ օդուժի եւ բանակային զօրամասեր ու ստորաբաժանումներ: Զօրքերու ընդհանուր թուաքանակը պիտի կազմէ 6,5 հազար զինուոր, ներառեալ 4 հազար նաւաստի», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Բացի ատկէ, կ՛ենթադրուի, որ «ՓՈԼԱՐԻՍ 21» ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Սպանիոյ, Յունաստանի, Իտալիոյ եւ Բրիտանիոյ մարտանաւերը: