Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Փոխվարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապտոլլահեան. «Միջազգային Սահմանները Անփոփոխելի Են»

November 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնած է իր երկրին պատրաստակամութիւնը` մասնակցելու Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան դիւանագիտութեան պետը կիրակի օր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ, տնտեսական համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի նախագահ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ, որ միօրեայ այցելութեամբ մեկնած էր Թեհրան:

Երկու պաշտօնեաները քննարկած են կովկասեան շրջանի վերջին զարգացումները եւ Թեհրանի ու Պաքուի երկկողմանի համագործակցութիւնը:

Գոհունակութիւն յայտնելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու եւ խոր կապերու աճի միտումին նկատմամբ` Ապտոլլահեան «Ազրպէյճանի տարածքներու ազատագրումը» երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի սկիզբ կոչած է եւ ընդգծած, որ երկու կողմերը պէտք է տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ բոլոր կարողութիւնները օգտագործեն առեւտուրի, փոխադրամիջոցի, ուժանիւթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ:

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը անդրադարձած է Իրանի կարելիութիւններուն եւ յայտարարած, որ իրանեան ընկերութիւնները պատրաստ են մասնակցելու նոր «ազատագրուած տարածքներու» վերականգնման: Այս մասին հաղորդած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը վերահաստատած է երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու Իրանի մնայուն քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ միջազգային սահմանները անփոփոխելի են:

Ազրպէյճանի փոխվարչապետը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնած է Իրանի քարիւղի, ինչպէս նաեւ ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարներուն հետ իր կառուցողական հանդիպումներէն` ըսելով, որ երկու երկիրները մօտ են քարիւղի եւ կազի ոլորտներուն մէջ պատմական համաձայնագիրներու ստորագրութեան:

 

Նախորդը

«Փութինի Եւ Պայտընի Հաւանական Հանդիպումին Ժամանակ Պիտի Քննարկուի Նաեւ Ուքրանիոյ Նիւթը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Պահրէյն Ահաբեկչական Գործողութիւններ Ձախողութեան Մատնելն Ու Իրանեան Զէնքեր Եւ Ռումբեր Գրաւելը Յայտարարեց

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.