«Անգարան Յստակօրէն Կը Հասկնայ, Թէ Ի՛նչ Նպատակով Քիեւը Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կը Գնէ Եւ Որո՛ւն Դէմ Զանոնք Պիտի Օգտագործէ» Կ՛ըսէ Փուշքով
Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի անդամ Ալեքսէյ Փուշքով քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու Ուքրանիոյ վաճառքը: Ռուսական «Սվոպոտնայա Փրեսսա»-ն («Ազատ մամուլ») կը գրէ, որ ծերակուտականին կարծիքով` այս կացութեան մէջ հասկնալի է, թէ Քիեւը ի՛նչ նպատակով անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք կը բերէ եւ որո՛ւն դէմ զանոնք պիտի օգտագործէ: «Այն բանէն ետք, երբ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը կը վաճառուին Ուքրանիոյ, ինչպէս...




















