«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Հիւլէական Հարուածներ Մշակած Են» Կ՛ըսէ Շոյկու
Միացեալ Նահանգներու օդուժի ռազմավարական ռմբաձիգները նոյեմբերին փորձած են հաւանական հիւլէական հարուած հասցնել Ռուսիոյ: Այս մասին, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական ուժերու «Կլոպըլ Թանտըր» ռազմափորձերու ընթացքին 10 ռազմավարական ռմբաձիգներ գրեթէ միաժամանակ մշակած են արեւմտեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով Ռուսիոյ դէմ հիւլէական զէնք կիրարկելու տարբերակ: Շոյկու աւելցուցած է, որ ընդհանուր առմամբ, նոյեմբերին...




















