Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին նուիրած է «թրքական աշխարհ»-ի քարտէսը, որուն մէջ ներառուած են Ռուսիոյ որոշ շրջաններ:
Երկու քաղաքական գործիչներու` քարտէսին հետ լուսանկարը հրապարակուած է կուսակցութեան «Թուիթըր»-ի պաշտօնական էջին վրայ:
Քարտէսին վրայ շարք մը երկիրներ, ներառեալ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ուզպեքիստանը, Ղազախստանն ու Թուրքմենիստանը նշուած են կարմիր գոյնով: Իսկ Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող որոշ շրջաններ եւ Արեւելեան Սիպերիան, Պալքաններու մէկ մասը եւ Սինցզիան Ույղուրեան ինքնավար շրջանը ներկուած են նարնջագոյն եւ դեղին ծաղիկներով:
Քարտէսի լուսանկարները հրապարակողը չի նշեր, թէ այդ նշումները ի՛նչ կը նշանակեն:
Յիշեցնենք, որ փետրուարին թրքական պատկերասփիւռի եթերէն արդէն ցուցադրուած էր «Սթրաթֆոր»-ի նախատեսութեամբ «թրքական ազդեցութեան ընդլայնման» քարտէսը, որուն վրայ եղած են Ռուսիոյ հարաւային շրջանները` ներառեալ Խրիմը, Քուպանը, Ռոսթովի մարզը: Խրիմի խորհրդարանին մէջ քարտէսը անհեթեթ կոչած են: